Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի երիտասարդները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի երիտասարդները  (ANSA)

«Բաց ձեռքերով» 25 ապրիլին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումը։

«Ացիոնէ Քաթթոլիքա» եկեղեցական շարժումի «Բաց ձեռքերով» ձեռնարկը պիտի ներկայացուի, մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, 19 ապրիլին, շարժումի կեդրոնատեղիէն ներս։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յառաջիկայ 25 ապրիլին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ, «Ացիոնթէ Քաթթոլիքա» եկեղեցական շարժումի անդամներուն, Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումը, մասնակցութեամբ շարժումի աւելի քան 50000 անդամներու ու բարեկամներու։ նախատեսուած է ձեռնարկը ուղիղ կերպով սփռուի Իտալական Ռայ 1 կայանէն TG1 յայտագիրին ժամանակ։

«Բաց ձեռքերով» ձեռնարկը նախաբանը պիտի ըլլայ, «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» շարժումի 18-րդ ընդհանուր ժողովին, զոր տեղի պիտի ունենայ Հռոմի Սաքրոֆանօ շրջանին մէջ ու իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Իտալիոյ բոլոր թեմերէն հազարաւոր պատուիրակութիւններ, ներկայութեամբ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի, Սուրբ Աթոռի աշխարականներու, ընտանիքի եւ կեանքի համար վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Քէվն Ժոզէֆ Ֆառելի, Սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն, Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահ, Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի եւ Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար, կարդինալ Մարիօ Կրէքը։

«Ացիոնէ Քաթթոլիքա» եկեղեցական շարժումի «Բաց ձեռքերով» ձեռնարկը պիտի ներկայացուի, մամլոյ ասուլիսին ընթացքին,  19 ապրիլին, շարժումի կեդրոնատեղիէն ներս։ Մամլոյ Ասուլիսին պիտի ներկայացուի նաեւ Եկեղեցական շարժումի 2024 տարուայ զօրակցութեան գործերու վերաբերող հաշուեկշիռը։ Նշենք, որ «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» եկեղեցական շարժումը  քաղաքացիական եւ եկեղեցական իրականութիւն մըն է որ գոյութիւն ունի մէկ ու կէս դարէ աւելի ու  անդամակցած են 221000 անձեր եւ ներկայ է Իտալական աւելի քան 5000 ժողովրդապետութիւններուն մէջ։

Սիւնոդական փորձ յանուն խաղաղութեան եւ հոգատարութեան ընդհանուր Տան

Իտալիոյ բոլոր թեմերէն «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» շարժումի աւելի քան 50000 անդամներ եւ բարեկամները պիտի Հանդիպին Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունկնդրելու համար Անոր խօսքը ու տօնախմբելու համար իրեն հետ»։

«Բաց ձեռքերով» ձեռնարկի մասին հրապարակուած հաղորագրութեան մէջ կը նշուի, որ այդ հանդիպումը ժողովուրդի, իւրաքանչիւր դէմքերու եւ պատմութիւններու հանդիպում է, որոնք շատ բաներ ունին ըսելիք եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին ու հանդիպումը  առիթ պիտի հանդիսանայ  կատարելու սիւնհոդասակն եկեղեցւոյ կենդանի փորձառութիւն, «Ացիոնէ Քաթթոլիքա»ի եւ Իտալիոյ ժողովուրդին համար շատ սիրելի օրուան ընթացքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2024, 12:01