Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրած է Թայուանի մէջ տեղի ունեցած բնական աղէտին ի լուր
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
7,5 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Թայուանը` պատճառելով 4 զոհ եւ 711 վիրաւոր: Ասիկա վերջին 25 տարուան ընթացքին կղզին հարուածած հզօրագոյն երկրաշարժն էր:
Երկրաշարժը, որուն կեդրոնը կղզիի ծովեզերքէն 15,5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ էր, տեղի ունեցաւ Թայուանի ժամանակացոյցով ժամը 7:58-ին:
Բնական աղէտի երկրաշարժի տխուր առիթով, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական գիր յղեց Թայուանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ, գերապայծառ Ժոն Պապթիսթ Լի Քէ Մինին նշելով, որ ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրած է Թայուանի մէջ երկրաշարժի հետեւանքով մահացած զոհերուն ի լուր։ Սրբազան Հայրը «Իր զօրակցութիւնը եւ հոգեւորական մօտիկութիւնը կը յայտնէ բոլոր անոնց որոնք տուժած են այդ աղէտէն»։ Նորին Սրբութիւնը կ՝աղօթէ մեռեալներուն, վիրաւորներուն եւ տեղահանուածներու համար» ինչպէս նաեւ շտապ օգնութեան հասնող անձերուն համար»։ Բոլորին վրայ Ֆրանչիսկս Պապ կը հայցէ «Աստուածային քաջութեան եւ մխիթարութեան օրհնութիւնը» գրեց կարդինալ Փարոլին հեռագիրին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ