Որոնել

Iran launches attacks on Israel

«Հերիք է պատերազմը, հերիք են յարձակումները, հերիք է բռնութիւնը: Այո՛ երկխօսութեան և այո՛ խաղաղութեան» Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը հրաւիրեց աղօթելու խաղաղութեան համար ու նաեւ պատերազմներէ տառապող մանուկներուն համար յիշելով յառաջիկայ 25 եւ 26 Մայիսին յիշատակուող «Մանուկներուն Համաշխարհային առաջին Օրը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի, 14 ապրիլի կէսօրին, առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով այս առիթով հրապարակ ժամանած ուխտաւորները նախ նշեց` թէ ինք «աղօթքով ու մտահոգութեամբ, ու նաեւ ցաւով» կը հետեւի վերջին ժամերուն հասած լուրերուն, հայող Իսրայէլի մէջ կացութեան վատթարացումին, ի տես Իրանի յարձակումին։

Ոչ մէկը պէտք սպառնայ միւսի գոյութեան

«Սրտագին կոչ կ՛ուղղեմ դադարեցնելու ցանկացած գործողութիւն, որ կարող է խթանել բռնութեան պարոյր մը՝ Մերձաւոր Արևելքը աւելի մեծ պատերազմական հակամարտութեան մէջ ներքաշելու վտանգով» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ «ոչ մէկը պէտք սպառնայ միւսի գոյութեան։ Բոլոր Պետութիւնները թող կողմ ըլլան խաղաղութեան եւ օգնեն իսրայէլացիներուն ու պաղեստինցիներուն ապրելու երկու Պետութիւններու մէջ, մէկը միւսի կողքին, ապահովութեամբ։ Ասիկա անոնց խոր եւ օրինական ցանկութիւնն է, և անոնց իրաւունքն է։ Երկու հարևան պետութիւններ» ըսաւ Քահանայապետը։

Հրադադար եւ պատանդներու ազատ արձակում

Ան ապա դարձեալ շեշտեց Կազայի մէջ շուտով հրադադարի հասնելու անհրաժեշտութիւնը ու վճռական դիմելու բանակցային ճանապարհներու։

«Օգնենք այդ բնակիչները, որոնք ինկած են մարդասիրական աղէտի մէջ, և անմիջապէս ազատ թող արձակուին ամիսներ առաջ առևանգուած պատանդները» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ափսոսանք արտայայտելով այս տառապանքներուն համար ու հրաւիրելով աղօթելու խաղաղութեան համար։

Բաւ է պատերազմ` այո խաղաղութեան

«Հերիք է պատերազմը, հերիք են յարձակումները, հերիք է բռնութիւնը: Այո՛ երկխօսութեան և այո՛ խաղաղութեան» բացագանչեց Նորին Սրբութիւնը ապա յիշեց Իտալիոյ մէջ այսօր յիշատակուող Սուրբ Սրտի Կաթողիկէ Համալսարանի հարիւրերորդ Օրը քաջալերելով համալսարանը շարունակելու իր կազմաւորման ասպարէզէն ներս ծառայութիւնը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան։

«Մանուկներուն Համաշխարհային առաջին Օրը»

Քահանայապետը ողջունեց ապա հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը յատուկէն ողջունելով աշխարհիս տարբեր վայրերէն ժամանած մանուկները, որոնք այստեղ կը գտնուին յիշեցնելու` որ յառաջիկայ 25 եւ 26 Մայիսին Եկեղեցին պիտի ապրի «Մանուկներուն Համաշխարհային առաջին Օրը» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով աղօթքով ընկերանալ այդ ձեռնարկին ու շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք արդեն կ՛աշխատին օր կազմակերպելուն համար։

«Եւ ձեզի մանուկներ կ՛ըսեմ. Ձեզ կը սպասեմ։ Մենք պէտք ունինք ձեր ուրախութեան ու ձեր աւելի լաւ աշխարհ մը ունենալու իղձին, խաղաղութեան աշխարհ մը» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց աղօթել մանուկներուն համար, «որոնք կը տառապին պատերազմներու պատճառաւ։ Շատ են անոնք։ Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի եւ աշխարհի այլ վայրերուն մէջ ինչպէս Միանմարը» ըսաւ Քահանայապետը ու խնդրեց «աղօթենք անոնց համար ու խաղաղութեան համար»։

Ան խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ աղօթք խնդրեց իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2024, 12:35