Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը  Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի անդամներու բազմութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի անդամներու բազմութեան մէջ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Աճեցնել «գրկելու մշակոյթը», որ կապեր կը կառուցէ խաղաղ ապագայի համար․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սուրբ Պետրոսի հրապարակը այսօր հիւրընկալեց Սրբազան Քահանայապետի՝ «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» շարժումի անդամներուն հետ հանդիպումը՝ «Գրկաբաց» բնաբանով, որու ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ պատերազմները «յաճախ պակսող կամ մերժուած գրկախառնութիւններու» արդիւնք են։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 25 Ապրիլին, առաւօտեան ժամը 9.45ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ունկնդրութիւն շնորհեց իտալական եկեղեցական «Azione Cattolica – Կաթողիկէ գործողութիւն» շարժումի շուրջ 60.000 անդամներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են Իտալիոյ բոլոր շրջաններէն 60 հանրակառքերով։ Համազգային այդ հանդիպումին բնաբանն է՝ «Գրկաբաց»։ Երեկոյեան պիտի կայանայ ընկերակցութեան Համազգային ԺԸ Ժողովը։

Սրբազան Պապը՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակը պապական ինքնաշարժով շրջելէն եւ անոնց բոլորին ջերմօրէն եւ «գրկաբաց» ողջունելէն ետք սկսաւ իր խօսքը․

«Գրկախառնութինը մարդկային փորձի ամենէն ինքնաբուխ արտայայտութիւններէն մին է: Մարդու կեանքը կը սկսի ծնողքի հետ գրկախառնութեամբ, որուն կը յաջորդեն շատ ուրիշներ՝ իմաստ ու արժէք հաղորդելով օրերուն ու տարիներուն, մինչեւ վերջինը՝ երկրային ճամբորդութենէ հրաժեշտ առնելը։ Եւ ամենէ առաջ այն պարուրուած է Աստուծոյ մեծ գրկախառնութեամբ, որ նախ կը սիրէ մեզ եւ երբեք չը դադրիր մեզ դէպի Իրեն սեղմել»։

Ֆրանչիսկոս առանձնացուց ապա գրկախառնութեան երեք տեսակներ, որոնց շուրջ կեդրոնացուց իր պատգամը․ Գրկախառնութիւն, որ կը պակսի, գրկախառնութիւն, որ կը փրկէ, գրկախառնութիւն, որ կը փոխէ կեանքը։

Գրկախառնութիւն, որ կը պակսի

«Պակսող գրկախառնութեան» անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տուաւ, որ պատերազմները «յաճախ պակսած կամ մերժուած գրկախառնութիւններու» արդիւնք են, «որոնց կը յաջորդեն նախապաշարմունքները, անհասկացողութիւնները եւ կասկածները»՝ այն աստիճան, որ դիմացինը թշնամի կ’ընկալուի, ինչը, «ցաւօք, աւելցուց Ան, այս օրերուն մեր աչքերուն առջեւ է աշխարհի չափազանց շատ մասերու մէջ» եւ յորդորեց «Ացիոնէ Քաթթոլիքա»ի անդամները իրենց ներկայութեամբ ու աշխատանքով վկայել, որ կեանքի ճանապարհը գրկախառնութեան ճանապարհն է։

Գրկախառնութիւն, որ կը փրկէ

Այս մէկը կը տանի երկրորդ քայլին՝ փրկող գրկախառնութեան, ըսաւ Քահանայապետը եւ շարունակեց․ «Մեր գոյութեան կեդրոնը Աստուծոյ ողորմած գրկախառնութիւնն է, որ կը փրկէ․ այն բարի Հօր, որ Յիսուսին մէջ յայտնեցաւ, եւ որուն յայտնութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ Հաղորդութեան եւ Խաչի վրայ, երբ Քրիստոս իր կեանքը առաջարկեց աշխարհի փրկութեան համար՝ (…) ներելով զԻնք խաչողները (Ղուկաս 23.34):

«Եկէ՛ք թոյլ տանք Անոր գրկելու մեզ մանուկներու պէս (Մատթէոս 18.2-3, Մարկոս 10.13-16), որպէսզի մենք նոյն գթասրտութեամբ գրկենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը», յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը:

Գրկախառնութիւն, որ կը փոխէ կեանքը

«Ողջագուրումը որոշիչ շրջադարձային կէտ եղած է Սուրբերու կեանքին մէջ» շարունակեց իր խօսքը Սրբազան Հայրը՝ անդրադառնալով «գրկախառնութեան, որ կը փոխէ կեանքը», եւ օրինակ բերաւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսին, որ բորոտ հիւանդին գրկելէն ետք, ամեն բան լքեց՝ Տիրոջը հետեւելու համար։

Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս յորդորեց եւ հաստատեց, որ «Կաթողիկէ գործողութիւն» շարժումի անդամները կարող են վկայել Քրիստոսի ներկայութիւնը, այնքանով որքանով կարողանան «ողորմած եւ կարեկցող բազուկներով» դէպի իրենց սեղմել կարիքաւոր եղբօրը։ 

«Այդ կերպ, դուք կարող էք, Աւետարանի համաձայն, փոփոխութեան առարկայական նշաններ ցոյց տալ ընկերային, մշակութային, քաղաքական եւ տնտեսական մակարդակներուն վրայ բոլոր այն ​​իրավիճակներէն ներս, ուր  դուք կը գործէք», այդ կերպ «կ’աճի «գրկելու մշակոյթը» Եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան մէջ (…) եւ կապեր կը կառուցէ խաղաղ ապագայի համար», պնդեց Ան:

Դարձէք «սիւնհոդոսականութեան մարզիկներն ու դրօշակակիրները»

Սրբազան Քահանայապետը, ներկաներուն ուշադրութիւնը ի վերջոյ հրաւիրեց Սինոդի ընթացքի մէջ գտնուող աշխատանքներուն վրայ, որ թեւակոխած է իր վերջին՝ երրորդ փուլը՝ «ամենադժուարն ու ամենակարեւորը՝ մարգարէականը, որ նախորդ փուլերու աշխատանքը ընտրութիւններու կը վերածէ» ըսաւ Ան շեշտելով, որ կարիքը կայ Հոգիով ձեւաւորուած անձերու՝ «յոյսի ուխտաւորներու», որ նաեւ առաջիկայ յոբելենական տարուան բնաբանն է, ուստի հրաւիրեց անոնց «սեփական թեմերէն եւ եկեղեցական ծուխերէն ներս» դառնալ «սիւնհոդոսականութեան մարզիկներն ու դրօշակակիրները» մինչ օրս ձեռնարկած ուղեւորութեան  լիարժէք իրականացման համար»։

Աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց կաթողիկէ ընկերակցութեան անդամներուն կատարած աշխատանքի համար, օրհնեց զանոնք եւ խնդրեց չմոռնալ աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2024, 12:20