Որոնել

2024.04.18 Global Christian Forum (Accra, 15-20 aprile 2024)

Մարմնաւորել Միակ եւ Եռեակ Աստուծոյ միասնութիւնն ու սէրը անձնական եւ եկեղեցական կեանքէն ներս․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը պատգամ յղեց «Global Christian Forum»ի կողմէ կազմակերպուած՝ «որպէսզի աշխարհը գիտնայ» (Յովհաննէս 17:23բ) նիւթին շուրջ, Ընդհանրական Դ հաւաքի մասնակիցներուն։ Հաւաքին ելոյթով հանդէս եկաւ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան նորանշանակ Քարտուղարը
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 18 Ապրիլ 2024ին գրաւոր պատգամ յղեց «Global Christian Forum – Ընդհանրական Քրիստոնէական Գիտաժողով»ի կողմէ կազմակերպուած Ընդհանրական Դ հաւաքի մասնակիցներուն, որ տեղի կ’ունենայ այս օրերուն՝ Ապրիլ 15էն 20-ը, Կանայի մայրաքաղաք Աքրային մէջ։

Սրբազան Պապին պատգամը ընթերցեց Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան Քարտուղար Հայր Ֆլավիօ Փաչէն։

Քրիստոնէութեան գեղեցիկ խճանկար

Նորին Սրբութիւնը իր գրաւոր խօսքին սկիզբը նկատել կու տայ, որ Գիտաժողովին ողջ աշխարհէն ժամանած մասնակիցները արտացոլանքն են «ժամանակակից քրիստոնէութեան գեղեցիկ խճանկարին՝ իրենց հարուստ բազմազանութեամբ»։

Ան ապա յղում կատարելով Հաւաքի այս տարուան նիւթին, որ է՝ «Որպէսզի աշխարհը գիտնայ» (Յովհաննէս 17:23բ), կը նշէ թէ՝ այդ մէկը կոչ է քրիստոնեաներուն՝ մարմնաւորելու Աստուածային երրորդութեան միասնութիւնն ու սէրը իրենց անձնական եւ եկեղեցական կեանքէն ներս, որպէսզի վկայեն բաժանումով եւ մրցակցութեամբ դրոշմուած աշխարհի մը մասին:

Ֆրանչիսկոս կը հաստատէ, նաեւ որ Գիտաժողովը իր 25ամեայ պատմութեան ընթացքին զգալիօրէն նպաստած է Աստուծոյ Արքայութեան տեսլականին համար անհրաժեշտ այդ միասնութեան խթանումին՝ առաջարկելով տարածք մը, ուր «քրիստոնէական հաւատքի տարբեր արտայայտութիւններու անդամները, կ’աճին փոխադարձ յարգանքի եւ եղբայրութեան մէջ՝ հանդիպելով մէկը միւսին Քրիստոսի մէջ»:

Սրբազան Քահանայապետը, ի վերջոյ, կը յորդորէ շարունակել յառաջ ընթանալ բռնած ուղիով, փոխանակուիլ սեփական անձնական պատմութիւններով եւ դիմագրաւել ընդհանրական քրիստոնէական համայնքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։

Հաւաքը՝ «արժէքաւոր համամիութենական գործիք»

Ճիշտ Պապի այս պատգամը դարձաւ նաեւ Հայր Ֆլավիօ Փաչէի ելոյթին առանցքը, ուր ան իր հերթին նշեց, որ այս հաւաքը «արժէքաւոր համամիութենական գործիք» է, քանի որ կը համախմբէ աշխարհի տարբեր երկիրներու ուղղափառ, կաթողիկէ, բողոքական, աւետարանական, պենտեկոստէական աւանդոյթներու քրիստոնեայ առաջնորդները, ինչպէս նաեւ եկեղեցական կազմակերպութիւնները՝ տարածքի մը մէջ, ուր կարող են խթանել միջանձնական յարաբերութիւնները, փորձի փոխանակումը եւ լուծումներ փնտռել վարդապետական տարաձայնութիւնները յաղթահարելու համար, որ կարեւոր է լիարժէք տեսանելի միասնութեան հասնելու համար։

Հաւաքի նիւթին յղում կատարելով Հայր Փաչէն նշեց, որ «որպէս Քրիստոսի դեսպաններ» քրիստոնեաներուն խօսքերն ու գործողութիւնները պէտք է յստակօրէն վկայեն Աստուծոյ սիրոյ իրականութեան եւ Աւետարանի փոխակերպիչ զօրութեան մասին»:

Ան ապա յիշատակեց Ֆրանչիսկոս Պապի կամքով 2021թուականէն սկսած սիւնհոդոսականութեան գործընթացը, հաստատելով, որ այս հաւաքը, որուն նոյնպէս կը մասնակցեն տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, կ’աշխուժանայ այդ նոյն սիւնհոդոսականութեան ոգիով։

Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան Քարտուղարը, ի վերջոյ, մաղթեց, որ «Ընդհանրական Քրիստոնէական Գիտաժողովի այս Ընդհանրական չորրորդ հաւաքն ամրապնդէ միասնութիւնը եւ աճեցնէ խանդավառութիւնը՝ վկայելու համար քրիստոնէական հաւատքը, «որպէսզի աշխարհը գիտնայ, որ Յիսուս Տէրն է, որ կը գեղեցկացնէ եւ կ’երջանկացնէ է իրեն հետեւողներուն կեանքը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2024, 20:58