Որոնել

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի շուրջ Երիտասարդներու առաջին հաւաքին քառասուն ամեակը

40 տարիներ առաջ` 14 ապրիլ1984-ի աշխարհի չորս ծագերէն աւելի քան 300,000 երիտասարդներ ընդառաջելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հրաւէրին ժամանեցին Հռոմ Սրբազան Քահանայապետին հետ տօնախմբելու երիտասարդներուն յոբելեանը ` 1984 թուականի Փրկագործութեան սուրբ տարուան առիթով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ քառասուն տարիներ առաջ տեղի ունեցած երիտասարդներու առաջին հաւաքին տարեդարձին առիթով, շաբաթ 13 ապրիլի երեկոյեան ժամը վեցին կայացաւ Երիտասարդներու Խաչին թափօրը, որ սկիզբ առաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակէն ուղղուելով դէպի Սան Լորէնցօ Երիտասարդական միջազգային կեդրոն։ Ժամը եօթին` երիտասարդներու մասնակցութեամբ նախատեսուած է սուրբ պատարագ զոր կը գլխաւորէ Մշակոյթի եւ Դաստիարակութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Խօսէ Թոլեմթինօ Տէ Մոնտոնսան։ ՊատարագիՆ կը յաջորդէ աղօթքի հսկումը եւ խաչի պաշտամունքը։

Իսկ Կիրակի 14 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6,15 անց, Սան Լորենցօ Երիտասարդական Միջազգային Կեդրոնին մէջ նախատեսուած է Սուրբ Պատարագ, նախագահութեամբ Կղերի Վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Լազարուս Եու Էունկ Սիքին, ի ոգեկոչում 1984 թուականի Փրկագործութեան սուրբ տարուան առիթով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ նախաձեռնուած Երիտասարդներու առաջին Հաւաքին։

Երկու այս ձեռնարկները կը վայլեն Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Վերատեսչութեան ու Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ երիտասարդութեան ի սպաս Հիմնարկի հովանաւորութիւնը։

Առաջին հանդիպումը

1984-ի երիտասարդներու հանդիպումը մտածուած էր որպէս Երիտասարդաց միջազգային յոբելեան, որուն ընդառաջեցին աշխարհի չորս ծագերէն աւելի քան 300,000 երիտասարդներ։

15 ապրիլ 1984ին, Ծաղկազարդի տօնին օրը Վոյթիլա Քահանայապետը եզրափակեց այդ երիտասարդներու յոբելեանը, իսկ 22 ապրիլին, Սուրբ Զատկուան օրը, Ան երիտասարդներուն յանձնեց փայտէ խաչ մը, խորհրդանշելու համար «Մարդկութեան նկատմամբ Յիսուսին սէրը եւ որպէս աւետում, որ միայն մեռած ապա Յարութեան առած Քրիստոսի մէջ կայ փրկութիւն», երիտասարդներուն ժամադրութիւն տալով` ՄԱԿ-ի կողմէն Երիտասարդներու Համաշխարհային Տարի հռչակուած 1985ի Ծաղկազարդի տօնին օրը։

Այդ օրուընէ «Երիտասարդաց Խաչը» դարձաւ  Երիտասարդներու նուիրուած համաշխարհային յաջորդ օրերուն խորհրդանիշը եւ 2003էն սկսեալ, անոր կցուեցաւ «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի» Տիրամօր սրբապատկերը։ Երկու խորհրդանիշերը պահպանուած են Սան Լորէնցօ երիտասարդներու միջազգային կեդրոնին մէջ եւ ուխտագնացութեամբ կը փոխադրուին, ողջ աշխարհի կաթողիկէ թեմեր, երիտասարդներու միջազգայինն օրերուն առիթներով։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2024, 18:00