«Ժողովրդապետներ Սիւնհոդոսի համար» հաւաքը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Հռոմի արուարձանը գտնուող Սաքրոֆանօ շրջանին մէջ երկուշաբթի 29 ապրիլին ընթացք առաւ Ժողովրդապետներու միջազգային հանդիպումը, նուիրուած Սիւնհոդոսականութեան, որուն կեդրոնական նիւթն է «Ինչպէս սիւնհոդոսական ըլլալ տեղական եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ»։
Հաւաքին կը մասնակցին աւելի քան 200 ժողովրդապետներ, որոնք նշանակուած են տեղական Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու կողմէ, անոնց շարքին է նաեւ Լիբանանէն ժամանած Տէր Ռաֆֆի Յովհաննեսեանը։ Հաւաքը որ կազմակերպուած առ ի պատրաստութիւն Եպիսկոպոսներու ԺԶ ընդհանուր սիւնհոդոսի երկրորդ փուլին որ նախատեսուած է 2էն 27 հոկտեմբերին, պիտի աւարտի 2 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հետ տեղի ունենալիք յատուկ հանդիպումով։
Հաւաքը նախաձեռնութիւնն է Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղարութեան, Կղերի Վերատեսչութեան, Աւետարանումի Վերատեսչութեան եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան։ Անոր նպատակն է հնարաւորութիւն ընծայել երկխօսութեան ու մտքերու եւ փորձառութիւններու փոխանակումին ապա ուղեցոյցներ տրամադրել` Երկրորդ Փուլի «աշխատանքային թղթածրարի» պատրաստման համար։
Հաւաքի բացման առիթով ունեցած իր ելոյթին մէջ Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար` Կարդինալ Մարիօ Կրէքը կարեւորեց ժողովրդապետներու փորձառութիւններու կիսումը որ ըսաւ Ան «փոխադարձ օգնութիւն է, հասկնալու համար թէ Աստուածային նախախնամութիւնը կը շարունակէ այսօր եւս գրել Եկեղեցւոյ պատմութիւնը։ Եւ Սաքրոֆանոյի այս հանդիպումը կ՛ուզէ ըլլալ վերոնշեալ փորձառութիւններու պատմութիւնները փոխանցելու պահ մը եւ ոչ թէ սիւնհոդոսականութեան մասին շնորհանդէս կամ ուսուցում ստանալու պահ մը։ Վայր ուր միասին ընթանալ եւ և քննարկել ժողովրդապետներուն փորձառութեան իրականութիւնը։
Խօսք առաւ նաեւ Կղերի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Լածարօ Եու Էհունկ սիքը որ ընդգծեց ունկնդրութեան կարեւորութիւնը որպէս հաւաքի դերակատար մասնիկ, եւ որ սիւնհոդոսականութեան ոճն է։
Սիւնհոդոսականութիւնը, նշեց Ծիրանաւորը, կ՛օգնէ Եկեղեցւոյ ուշադրութեան կենտրոն դառնալ հաղորդութեան եւ Աւետարանի հռչակման հարցին մէջ՝ շնորհիւ «համատեղ պատասխանատուութեան» յայտնաբերումին: Սինոտալ ոճը կը «ներառէ բոլոր մկրտուածները»՝ չխլելով «ոչինչ այն յատուկ ծառայութենէն, զոր մենք կանչուած ենք կատարելու որպէս հովիւներ», այլ աւելիով կ՛ «աւելցնէ և կը բարելաւէ», յարեց Ան ու հաստատեց` թէ ասիկա «այն մեծ տաղանդն է, որ Սուրբ Հոգին դրած է մեր ձեռքերուն մէջ այս մեր ժամանակներու ընթացքին»։
Ողջոյնի խօսքերէն ետքը ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայր Ճաքոմօ Քոսթա, անցեալ տարուայ Սիւնհոդոսի յատուկ քարտուղարը, որ ընդգծեց սիւնհոդոսի ամփոփիչ փաստաթուղթի կարեւոր կէտերը, ապա ակնարկեց սիւնհոդոսի ընթացքի երեք հանգրուաններու մասին դիտել տալով, թէ դէպի յառաջիկայ սիւնհոդոս տանող ճանապարհի հիմնական հարցումներէն մին է «ինչպէս ըլլալ միսիոներութեան մէջ Եկեղեցի մը, որմէկ գործիքները գործածել, արժեւորելով իւրաքանչիւր մկրտուածի իւրայատկութիւնը Քրիստոսի հռչակումի գործին մէջ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ