Որոնել

Ապրիլ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը. Եթէ կիները չի յարգենք մեր ընկերութիւնը չի յառաջանար. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Աղօթենք, որպէսզի կանանց արժանապատուութիւնը և անոնց հարստութիւնը ճանչցուի իւրաքանչիւր մշակոյթի մէջ, և որպէսզի խտրականութիւնը, որուն անոնք կ՛ենթարկուին աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ, վերանայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ապրիլ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը, որ այս ամիս նուիրոած է կիներուն եւ որութ մէջ Նորին Սրբութիւնը կ՛ընդգծէ կիներուն արժանապատութիւնն ու հարստութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը, վերացնելով անոնց նկատմամբ կիրակուած խտրականուիւնները։

Քահանայապետի աղօթքի ցանցի նախաձեռնութեամբ ամէն ամիս հրապարակուած աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզի ապրիլ ամսուայ բնաբանն է «Կիներու դերակատարութեան համար», որուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը յստակ ու զօրեղ կերպով կը խնդրէ «Յարգել կիները, յարգել անոնց արժանապատութիւնը, անոնց հիմնական իրաւունքները» ապա կը զգուշացնէ. «Եթէ այս մէկը չի կատարենք մեր ընկերութիւնը չի յառաջանար» եւ ասկէ մեկնելով կը հրաւիրէ Եկեղեցին. «Աղօթելու` որպէսզի կանանց արժանապատուութիւնը և անոնց հարստութիւնը ճանչցուի իւրաքանչիւր մշակոյթի մէջ, և որպէսզի խտրականութիւնը, որուն անոնք զոհ են` վերանայ»։

Արդարեւ աշխարհի մէջ այր մարդու ու կնոջ միջեւ հաւասարութեան հարցը տակաւին իրականացուած չէ եւ շատ մը երկիրներուն մէջ կիներուն իրաւունքները կը մնան ոտնահարուած ու անոնց երաշխաւորուած չէ այր մարդոց երաշխաւորուած հնարաւորութիւնները։ Աշխատանքի շուկային մէջ, զոր օրինակ, կիները նուազ գումար կը ստանան քան այր մարդիկը, իսկ որոշ երկիրներուն մէջ անոնց ոչ իսկ իրաւունք տրուած է ուսում ստանալու...

Մարդ անհատի արժանապատւութեան յարգանքը, կեդրոնական նիւթ մըն է քրիստոնէութեան համար, տրուած ըլլալով, որ իւրաքանչիւր կեանք սուրբ է, որովհետեւ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն։

Ապրիլ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը կը սկսի զօրեղ պատկերներով մինչ Քահանայապետը կը նշէ` որ «աշխարհի շատ մը երկիրներուն մէջ, կիներուն հետ կը վերաբերուին որպէս առաջին թափօններ»։

«Կան ապա Երկիրներ ուր կիներուն արգիլուած է օգնութիւն մատուցել գործ մը սկսելու կամ դպրոց երթալու համար։ Աւելին, այս վայրերուն մէջ անոնք ենթարկուած են օրէնքներու, որոնք զանոնք կը ստիպեն հագնիլ որոշակի ձևով։ Իսկ շատ երկրներու մէջ այսօր ալ սեռական օրկաններու խեղում կը կատարուի», կը շարունակէ Նորին Սրբութիւնը ապա կը յանձնարարէ. «Կիները չի զրկենք իրենց ձայնէն։ Անոնք շահագործուած են, անոնք անտեսուած են»։

«Խօսքերով բոլորս ալ համաձայն ենք, թէ մարդիկ ու կիներ, որպէս անձինք ունին հաւասար արժանապատւութիւն։ Բայց գործնականին մէջ այդպէս չի պատահիր» կ՛ըսէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը, անհրաժեշտ նկատելով որ «Կառավարութիւնները յանձնառու ըլլան վերացնելու խտրական օրէնքներ, աշխարհի որեւէ վայրի մէջ, և աշխատելու կանանց մարդու իրաւունքներու երաշխաւորման ուղղութեամբ»:

«Յարգենք կիները։ Յարգենք զանոնք իրենց արժանապատութեամբ, իրենց հիմնական իրաւունքներուն մէջ։ Եթէ այս մէկը չի կատարենք մեր ընկերութիւնը չի յառաջանար» կը հրաւիրէ Ֆրանչիսկոս Պապը մինչ համայն եկեղեցիէն կը խնդրէ աղօթելու կիներուն համար։

«Աղօթենք, որպէսզի կանանց արժանապատուութիւնը և անոնց հարստութիւնը ճանչցուի իւրաքանչիւր մշակոյթի մէջ, և որպէսզի խտրականութիւնը, որուն անոնք կ՛ենթարկուին աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ, վերանայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2024, 16:00