Որոնել

Pope Francis leads the Regina Caeli prayer at the Vatican

Դէպի Մանուկներու համաշխարհային Օր` Քահանայապետին զօրեղ պատգամը

Կիրակի 15 ապրիլի Ուրախ լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը զօրեղ պատգամ մը յղեց ի նպաստ յառաջիկայ 25 եւ 26 մայիսին յիշատակուող Մանուկներուն նուիրուած Առաջին Համաշխարհային Օրուան յիշելով Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի եւ Միանմարի ու աշխարհի բոլոր վայրերուն մանուկները անոնց ըսելով. Ձեզ կը սպասեմ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ահա ես ամէն բաները նոր կը դարձնեմ» այս է Աստուածաշունչէն քաղուած 2024ի Մայիս 25ին եւ 26ին յիշատակուելիք Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրուան բնաբանը, որուն մասին ակնարկեց Ֆրանչիսկոս Պապը` Կիրակի 14 ապրիլի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին։

«Սիրով կ՛ողջունեմ աշխարհիս տարբեր վայրերէն մանուկները, որոնք այստեղ կը գտնուին յիշեցնելու` որ յառաջիկայ 25 եւ 26 Մայիսին Եկեղեցին պիտի ապրի «Մանուկներուն Համաշխարհային առաջին Օրը»։ Շնորհակալութիւն։ Բոլորդ կը հրաւիրեմ աղօթքով ընկերանալու դէպի Մանուկներու Համաշխարհային Օր տանող ուղեւորութեան եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ անոնց որոնք կ՛աշխատին զայն պատրաստելու։ Եւ ձեզի մանուկներ կ՛ըսեմ. Ձեզ կը սպասեմ։ Մենք պէտք ունինք ձեր ուրախութեան ու ձեր` աւելի լաւ աշխարհ մը ունենալու իղձին, խաղաղութեան աշխարհ մը։ Աղօթենք եղբայրներ եւ քոյրեր, պատերազմներէ տառապող մանուկներուն համար։ Շատ են անոնք։ Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի եւ աշխարհի այլ վայրերուն մէջ, Միանմարին մէջ։ Աղօթենք անոնց համար ու խաղաղութեան համար»։

Ասոնք եղան Նորին Սրբութեան արտասանած խօսքերը, որով Ան հրաւէր ուղղեց աշխարհի բոլոր մանուկներուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու յառաջիկայ շաբաթներուն` Հռոմի Օլիմփիքօ մարզադաշտին ու Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայանալիք Մանուկներուն նուիրուած այդ համաշխարհային Օրուան որ հաստատուեցաւ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 2023-ի 8 դեկտեմբերին, Անարատ Յղութեան տօնին օրը, երբ Ան Մարեմեան Աղօթքի աւարտին նշեց թէ «Յիսուսին նման կ՛ուզենք մանուկները դարձնել կիզակէտ ու հոգ տանիլ անոնց»։

80 երկիրներէն հազարաւոր մանուկներ արդեն ապահովեցին իրենց ներկայութիւնը

Փոքրիկներուն նուիրուած յատուկ օրուայ մը գաղափարը յառաջ եկած է 9 տարեկան Ալեսսանտրօ անունով փոքրիկ երախայի մը կողմէ, որ Ֆրանչիսկոս Պապին առաջարկած է այդ օրուան հաստատումը եւ Նորին Սրբութիւնը յօժարակամ ընդունած է գաղափարը։

Մինչեւ օրս աշխարհի 80 երկիրներէն հազարաւոր մանուկներ արդեն ապահովեցին իրենց ներկայութիւնը։

Կիրակի օր Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ներկայ էին հարիւրաւոր երախաներ, որոնցմէ շատերը կու գային պատերազմներու թիրախ երկիրներէն Մանուկներու Համաշխարհային Օրը համադրող Հայր Էնցօ Ֆորթունաթոյի առաջնորդութեամբ, որուն կ՛ընկերանային «Auxilium» հաստատութեան եւ Սանդէճիտիոյ Հասարակութեան անդամները։

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ֆրանչիսկոս Պապին անոր հայրական հոգատարութեան, զոր կը նուիրէ Մանուկներու համաշխարհային Օրուան, որ կարող ենք նկատել եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ նշանակալից օրերէն մէկը» հաստատեցին Մանուկներու Համաշխարհային Օրուան կազմակերպիչ կոմիտէի անդամները մինչ Հայր Էնցօ Ֆորթունաթոն աշխարհիս մեծերը հրաւիրեց մտիկ ընելու Ֆրանչիսկոս Պապին` խաղաղութեան ի նպաստ ուղղած զօրեղ ու ողբերգական կոչին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2024, 08:00