Որոնել

Վատիկանի դատարանը Վատիկանի դատարանը 

Ինքնագիր նամակով մը Քահանայապետը փոփոխութիւններ ներմուծեց Վատիկանի դատական ​​համակարգի մէջ

Ինքնագիր նամակը կազմուած է վեց յօդուածներէ ուր կը խօսուի պաշտօնէ ազատումի, աշխատավարձի դասակարգումի, կենսաթոշակային նպաստներու եւ քաղաքացիական պատասխանատուութիւններու մասին։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ուրբաթ 19 ապրիլ 2024ին հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ինքնագիր նոր նամակ մը, որով Ան փոփոխութիւններ ներմուծեց Վատիկանի դատական համակարգի մէջ մասնաւորապէս հայող Դատարանի և արդարադատութեան ապահովման գրասենեակի շարքային դատաւորներու մասնագիտական արժանապատուութեան և տնտեսական վերաբերմունքի վերաբերեալ դրոյթներուն ու Կենսաթոշակային հիմնադրամի ընդհանուր կանոնակարգին։

Ինքնագիր նամակը կազմուած է վեց յօդուածներէ ուր կը խօսուի պաշտօնէ ազատումի, աշխատավարձի դասակարգումի, կենսաթոշակային նպաստներու եւ քաղաքացիական պատասխանատուութիւններու մասին։

Նամակը կը կրէ 27 Մարտ 2024 թուականը եւ ուժի մէջ կը մտնէ Օսսերվաթորէ Ռոմանօ թերթին վրայ հրապարակումի երկրորդ օրը, այնուհետև կը զետեղուի «Acta Apostolicae Sedis»-ի յաւելուածին մէջ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2024, 12:08