Որոնել

FILES-ISRAEL-PALESTINIAN-CONFLICT

Տէրը մեզի խաղաղութիւն պարգեւէ. Պատերազմը ամենուր է. Ֆրանչիսկոս Պապ

Տիրոջմէն խնդրենք խաղաղութիւնը եւ չմոռնանք մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք կը տառապին պատերազմի շրջաններուն մէջ։ Միասին ու միշտ աղօթենք խաղաղութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Թող Տէրը մեզի խաղաղութիւն տայ։ Պատերազմը ամենուր է։ Միասին ու միշտ աղօթենք խաղաղութեան համար». Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անգամ մը եւս կը հայցէ խաղաղութեան պարգեւը, հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթելու եւ Տիրոջ աղերսելու այդ ուղղութեամբ, յիշելով մարտիրոս Ուքրանիան, Պաղեստինը, Իսրայէլը, Ռոհինճա ցեղախումբը։

Նորին Սրբութիւնը իր այս կոչն ու հրաւէրը վերանորոգեց չորեքշաբթի 10 ապրիլ 2024ի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, զոր Ինք գլխաւորեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Զօրութեան առաքինութեան մասին ներկայացուցած խորհրդածութենէն ետքը Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց ունկնդրութեան մասնակցող եւ աշխարհի տարբեր վայրերէն եկող հաւատացեալները, յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով նաեւ երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն մաղթելով, որ անոնք իրենց սրտին մէջ «աճեցնեն Զատկական պատգամին մխիթարիչ լոյսը, որ կը հրաւիրէ խաչեալ ու յարուցեալ Յիսուսին մէջ ամրապնդել հաւատք ու յոյսը» ըսաւ Սրբազան Պապը, որ ապա մտածումը յղեց «մարտիրոս ուքրանիոյ, Պաղեստինի եւ Իսրայէլի» Տիրոջմէ հայցելով խաղաղութիւնը։

«Թող Տէրը մեզի խաղաղութիւն տայ։ Պատերազմը ամենուր է։ Չմոռնանք Միանմարը։ Տիրոջմէն խնդրենք խաղաղութիւնը եւ չմոռնանք այս մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք կը տառապին պատերազմի այդ շրջաններուն մէջ։ Միասին ու միշտ աղօթենք խաղաղութեան համար» կրկնեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2024, 10:24