Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Սուրբ Հոգին է որ բազմազանութեան մէջ ներդաշնակութիւն կը ստեղծէ։ Ան ներդաշնակութեան վարպետն է

Սուրբ Հոգին է որ բազմազանութեան մէջ ներդաշնակութիւն կը ստեղծէ։ Ան ներդաշնակութեան վարպետն է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 29 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց «Քաննոսիանի, Եղբայրսիրութեան զաւակները եւ Սուրբ Գաբիէլի զաւակներ» միաբանութիւններուն անդամները, անոնց տարեկան ընդհանուր ժողովին առիթով։

Ներկաներուն փոխանցած պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը զրուցեց ընդհանուր ժողովին իմաստին մասին նշելով, որ ժողովը ապրելիք շնորհքի պահ է. «Անցեալ, ներկան եւ ապագան կը մտնեն ժողովին մէջ՝ յիշելու, գնահատելու եւ ընթանալու համար միաբանութեան զարգացման գործին մէջ» ըսաւ ԱՆ։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց Քանոսիանի միաբանութեան հիմնադիր, Սրբուհի Մատալլենա Տի Քանոսան, որուն ծննդեան երկրորդ հարիւր ամեակն է նշելով, որ ան խիզախ սուրբ մըն էր ու մեզմէ ոչ պակաս դժուար աշխարհին մէջ ձեռնամուխ եղաւ, «Յիսուսը ճանչցնելու եւ Սիրելու», որ չէր սիրուած որովհետեւ ճանչցուած չէր։

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց միաբանութեան ժողովին նիւթը, «Ան որ չայրեր, չվառեր» ըսելով «Ես կը տխրիմ, երբ կը տեսնեմ կրօնաւորներ, որոնք աւելի շատ նման են հրշէջներու քան այր մարդիկ ու կիներ՝ կրակ վարելու ջերմութեամբ։ Կը խնդրեմ, ոչ թէ կրակի հրշէջներ, որ շատ ունինք»։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ միաբանութեան առաքելութիւններուն, որ կը կայանայ կրայ այրելու մէջ ՝վառելու համար, վերակենդանացնելով եւ սնուցանելով Աստուծոյ պարգեւը, Տիրոջ վկայութիւն տալու համար, «Եւ այդ կը կատարէք ընտանիքի մէջ, որ աւելի քան երկու հարիւր տարի պատմութեան ընթացքին հարստացաւ բազմաթիւ պարգեւներով. «ներկայ է եօթը երկիրներու մէջ, կազմուած է տասը տարբեր ազգութեամբ անդամներէ... միշտ գործօն եւ ներգրաւուած աշխարական իրականութեամբ։ «Սա կարեւոր է, Հոգեւորականութեան մէջ ներգրաւած աշխարականներ ունենալը միաբանութեան մը մէջ, ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով «Սուրբ Գաբրիէլ եղբայրներ» միաբանութեան, որ հիմնուած է Սուրբ Գաբրիէլ Տէշայեսի կողմէ նշեց որ այդ միաբանութիւնը ծնած է աշխարհական խումբ մը համագործակիցներէ, որոնք այսօր կը հաշուեն աշխարհի մէջ աւելի քան 1000 կրօնաւորներէ, որոնք կը զբաղին հովուական ծառայութեան աջակցութեամբ, մարդկային եւ ընկերային, կրթական խթանմամբ, յատուկէն խուլերու եւ համրերու օգտին, աշխարհի աւելի քան 300 երկիրներու մէջ։

Նորին Սրբութիւնu խօսելով միաբանութեան ժողովին նիւթին մասին, «անսալ եւ քաջութեամբ գործել»շեց, որ լսելն ու քաջութիւնը, երկու վերաբերմունք են, որոնք կը պահանջեն խոնարհութիւն եւ հաւատք, եւ որոնք լաւ կ՝արտացոլան Սան Լուիճի Մարիայի եւ հայր ՏԷշայէս հոգին ու գործողութիւններ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց յայտնելով, որ բազմազանութիւնը պարգեւներ են, որոնք պէտք են կիսուիլ, բազմազանութիւնը թանկարժէք է։ « Եւ ան ,որ բազմազանութեան մէջ ներդաշնակութիւն կը ստեղծէ Սուրբ հոգին է, որ ներդաշնակութեան վարպետն է։ Միօրինականութիւնը կրօնական հաստատութեան մէջ, աշխարական խումբի մը մէջ կը սպանէ։Բազմազանութիւնը ներդաշնակութեան մէջ կ՝աճեցնէ։ Խնդրեմ մի մոռնաք. Բազմազանութիւն ներդաշնակութեան մէջ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար, ապա շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2024, 11:15