Ֆրանչիսկոս Պապ. «Բանակցային խաղաղութիւնը աւելի լաւ է քան անվերջ պատերազմը»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 24 ապրիլին, յետմիջօրէին, Վատիկանի Սանթա Մարթայի տունէն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հարցազրոյց ունեցաւ Ամերիկեան Cbs, Ռատիօ Հեռուստակայանի, Cbs Evening News" ծրագիրի տնօրէն լրագրող Նորատ Օտոնելլին հետ։
Գրեթէ մէկ ժամ տեւած հարցազրոյցի նիւթեր եղան աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ պատերազմները, կլիմայի փոփոխութեան խնդիրները, ինչպէս նաեւ եկեղեւոյ վերաբերող թեմաներ։ Հարցազրոյցին ընդլայնուած տարբերակը պիտի հեռարձակուի մայիս 19ին, կիրակի օրը՝ մանուկներուն համաշխարհային օրուան նախօրէին, որ տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մէջ մայիս, 25ին եւ 26ին։
Ուքրանիոյ, Կազայի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բռնկուած պատերազմներուն առնչութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, որ «Բանակցուած խաղաղութիւնը, աւելի լաւ է քան անվերջ պատերազմը, հրաւիրեց աշխարհի բոլորը երկիրները դադրեցնելու պատերազմները ըսելով« Փորձեցէք բանակցիլ, փնտռեցէք խաղաղութիւնը, ես կ՝աղօթեմ Կազայի մէջ զինադադարի համար, ըսաւ Սրբազան հայրը յիշեցնելով նաեւ, որ ամէն օր երեկոյեան ժամը 7ին, հեռաձայնին կապ կը հաստատէ Կազայի մէջ Կաթողիկէ միակ ժողովրդապետութեան հետ՝ տեղեկութիւնները առնելու համար, ուր «Իրավիճակը շատ, շատ ծանր է, որովհետեւ ժողովուրդը պէտք է պայքարի սնունդ հայթայթելու համար», ըսաւ Ան։
Պատասխանելով Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ ներխուժումին պատճառով մանուկներու ունեցած հետեւանքներու հարցումին Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ « Այդ մանուկները չեն գիտեր ժպտիլ։ «Ես իրենց բան մը կ՝ըսեմ, սակայն իրենք մոռցած են ինչպէս խնդալ։ Եւ երբ մանուկ մը մոռնայ ժպտիլ, անիկա շատ լուրջ է, ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Անդրադառնալով կլիմայի փոփոխութեան եւ մանուկներու համաշխարհի օրուան միջոցառումին, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ որ մանուկները միշտ պատգամ մը կը բերեն. անոնք մեզի հնարաւորութիւն կու տան աւելի երիտասարդ սիրտ ունենալու։ Իսկ ինչ կը վերաբերի իր առողջութեան մասին հարցումին, ֆրանչիսկոս Պապ ժպտելով պատասխանեց «հանգիստ եմ»։
Հարցազրոյցի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ զրուցեց եկեղեցի հաճախելու կարեւորութեան մասին, յարելով թէ եկեղեցւոյ մէջ տեղ կայ բոլորին համար։ « Ես պիտի ըսէի, թէ միշտ տեղ կայ բոլորիս։ Եթէ ժողովրդապետութեան մէջ ծխական քահանան ողջունելի չէ, գացէք եւ ուրիշ տեղ փնտռեցէք, միշտ միշտ տեղ կայ, մի փախչիք եկեղեցիէն։ Եկեղեցին շատ մեծ է, դա աւելի մեծ է քան տաճարը, պէտք, չէ որ փախչիք» ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ