Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ըլլալ բաց հասարակութիւն, միշտ պատրաստ հիւրընկալելու եւ ընկերանալու անոր` զոր Տէրը կը դնէ մեր ճանապարհին վրայ». Ֆրանչիսկոս Պապ

Իտալական կաթողիկէ տարեց սկաուտական ​​շարժումի անդամները Քահանայապետին մօտ շարժումի հիմնադրութեան եօթանասուն ամեակին առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 13 ապրիլ 2024ի առաւօտեան ի շարս այլ հանդիպումներու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական կաթողիկէ տարեց սկաուտական​​ շարժումի անդամներուն, շարժումի ստեղծման եօթանասուն ամեակին առիթով։

«Շարժումը արդարեւ պաշտօնապէս ծնունդ առած է Հռոմի մէջ 20 Յունիս 1954ին շնորհիւ Մարիօ Մացցայի ու Հայր Ռուճճի Տարակոնայի» ինչպէս յայտնեց Քահանայապետը ներկաներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ մանրամասնութիւններ տալով նաեւ շարժումի նպատակներու մասին որ է հասարակութիւնը, դաստիարակութիւնը, ծառայութիւնը եւ հասարակաց տան խնամքը։

Աւելի կեանք կեանքին

Իրենց այս յոբելեանը նշելու համար շարժումի անդամները ընտրած են «Աւելի կեանք կեանքին», կարգախօսը ու այդ կարգախօսին հիման վրայ ապա նուիրատուութիւններ ըրած են բարեսիրական զանազան հաստատութիւններուն որոնց շարքին ջերմային օրօրոց մահճակալ Լամփետուզայի Առաջին օգնութեան և ընդունելութեան կենտրոնին. ծովային ատաղձագործութեան գործարանի մը կառուցումը Զամպիայի մէջ և անտառ տնկել Արճենթայի եւ Ռոմանիայի մէջ։

«Այս նախաձեռնութիւնները կը շօշափեն կարևոր արժէքներ, և ասոր համար կը ցանկանայի պահ կանգ առնել ձեզի հետ ու անոնց մասին խորհիլ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով իւրաքանչիւր նուէրին իմաստը` սկսեալ ջերմային օրօրոցէն որ կը յիշեցնէ ծնող կեանքին նկատմամբ սէրը։

Ջերմային օրօրոց մահճակալԸ

«Օրօրոցը մեզի կը խօսի ընտանիքի մասին, որ փոքրերուն համար ընկալող եւ ապահով բոյն մըն է. Ձրի սիրոյ վրայ հիմնուած հասարակութիւն... Ան կը խօսի նաեւ կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուանի նկատմամբ ուշադրութեան մասին եւ խորհրդանշական է որ ձեր այս նուէրը սահմանուեցաւ Լամփետուզայի առաջին օգնութեան և ընդունելութեան կենտրոնին» ըսաւ Սրբազան Պապը ընդգծելով որ այս մէկը կը հաստատէ թէ կեանքին նկատմամբ սէրը միշտ բաց ու տիեզերական է, կը փափաքի բոլորին բարիքը, անկախ ծագումէն եւ պայմաններէն։

Ատաղձագործութեան գործարան

Անդրադառնալով երկրորդ նախաձեռնութեան` ատաղձագործութեան գործարանին Սրբազան Պապը նշեց թէ ան քրիստոնեաներուն ստին կը խօսի որովհետեւ Աստուծոյ Որդին զայն ընտրեց որպէս վայր պատրաստուելու համար իր փրկարար ծրագիրն։

Աշխարհի մը մէջ ուր այնքան ու չափազանց շատ կը խօսուի պատերազմ մղելու համար զէնք արտադրելու մասին, որ ամենաբարձր եկամուտ տուող մարզն է, անիկայ մեզի կը յիշեցնէ մարդու հիմնարար կոչումը` որ է Աստուծոյ պարգևները վերափոխել ոչ թէ մահուան միջոցի, այլ բարի գործիքներու, յանձնառութիւն կառուցելու աւելի արդար ու խաղաղ ընկերութիւն, ուր բոլորին կարելիութիւն տրուի արժանապատիւ կեանքի հնարաւորութեան։ Աշխատինք կեանքի արժանապատւութեան ի սպաս» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը որ ապա անդրադարձ կատարեց երրորդ ծրագրին` որ է հասարակաց տունը ու զայն պաշտպանելու մեր պատասխանատուութիւնը։

Բնապահպանութիւնը

«Բնութեան հետ անմիջական շփումը սէրն ու յարգանքը, սկաուտութեան իւրայատկութիւնն է» հաստատեց Ան նշելով, որ «անոնք արժէքներ են, որոնց կարիքն ունինք այսօր, մինչ մենք զմեզ կը յայտնաբերենք աւելի անզօր մոլորակի անպատասխանատու և անհեռատես շահագործման հետևանքներուն դիմաց, ապրելակերպի և վարքագծի բանտարկեալները, որոնք եսասիրաբար խուլ են ողջամտութեան ցանկացած կոչին... ողբերգականօրեն ինքնակործանարար, անզգայ վիրաւոր հողի աղաղակին, ինչպէս նաև բազմաթիւ եղբայրներու ու քոյրերու ձայնին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ սկաուտներուն այս հարցերու նկատմամբ վերաբերմունքը նկատելով «բոլորի համար տիպար» ու մատնանշելով անոնց ծառատունկի ծրագիրին ու այս ուղղութեամբ յղում կատարելով «համապարփակ բնապահպանութեան» կարեւորութեան։

Քահանայապետը ճառը աւարտեց քաջալերելով ներկաները յարատեւելու իրենց սկաուտական ուղեւորութեան մէջ` ըլլալով բաց հասարակութիւն, միշտ պատրաստ հիւրընկալելու եւ ընկերանալու անոր` զոր Տէրը կը դնէ իրենց ճանապարհին վրայ...ապա բոլորին շնորհեց իր օրհնութիւնը խնդրելով ինչպէս միշտ որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2024, 11:00