Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը քրիստոնէականի հետեւող 200 պատանիներու հետ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Հինգշաբթի 11 ապրիլ 2024ի կէսօրէն ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի արուարձանի մէջ գտնուող Պորկեզիանա շրջանի Սուրբ Ճովաննի Մարիա Վիաննէյի անուամբ ժողովրդապետութեան մէջ հանդիպում ունեցաւ քրիստոնէականի հետեւող 200 պատանիներուն հետ։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ սկիզբ տալու «Աղօթքի դպրոցին»` Աղօթքին նուիրուած այս տարուան առիթով։
Հանդիպումը կազմակերպուած է «Ողորմութեան Ուրբաթ»ներու փորձառութեան հիման վրայ, որոնց ընթացքին, Ողորմութեան նուիրուած Յոբելենական տարւոյն առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապը անակնկալ այցելութիւններ կու տար զանազան կեդրոններու, հանդիպելով զանազան դասակարգերու մարդոց հետ միասին։
Առաջին Հաղորդութեան պատրաստուող ու քրիստոնէականի հետեւող մանուկները մեծ տօնախմբութեամբ դիմաւորեցին Ֆրանչիսկոս Պապը, որ անակնկալ կերպով հասաւ անոնց մօտ։ Արդարեւ մեծ եղաւ անոնց զարմանքը երբ ժողովրդապետութեան սրահին մէջ կրօնուսոյցներու հետ միասին մուտք գործեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ գրեթէ մէկ ժամ անցուց անոնց հետ պատասխանելով անոնց հարցումներուն, ապա հակիրճ խորհրդածութիւն մը ներկայացնելով գոհաբանական աղօթքի մասին։
Ան ընդգծեց, թէ այս աղօթքը ամենակարեւոր աղօթքներէն մին է քրիստոնէական կեանքին համար. Հարց տալով. «երբ անձի մը տունը մտնես եւ շնորհակալ եմ չըսես, ապա կը ներես չըսես եւ չողջունես զայն, արդեօ՞ք գեղեցիկ բան է» ապա թելադրեց. «առաջին բառը «շնորհակալութիւն» է, երկրորդը «կարելի՞» է, մինչ երրորդը «ներողութիւն» է, նշեց Ան։
«Մարդ մը` որ երբեք ներողութիւն չըսեր, բարի՞ է» հարց տուաւ ապա Սրբազան Պապը եւ պատասխանեց. «դժուար է ներողութիւն ըսելը, շատ անգամ ամաչումի եւ հպարտութեան պատճառաւ։ Սակայն կարեւոր է` որ մէկը երբ սայթաքի ներողութիւն ըսէ» յարեց Ան դարձեալ կրկնելով երեք բանալի բառերը. «Շնորհակալութիւն, եթէ կարելի է եւ ներողութիւն»։
«Դուք կ՛աղօթէ՞ք։ Ի՞նչպէս կ՛աղօթէք։ Ի՞նչ կարելի է ըսել Տիրոջ» հարց տուաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը եւ մանուկներէն մինչ նշեց. թէ իր ընտանիքը սեղան նստելէն առաջ կ՛աղօթէ։ «Կարեւոր բան ըսաւ ձեր այս ընկերը» ըսաւ Քահանայապետը ու աւելցուց «դուք գիտէ՞ք, որ շատ մը մանուկներ ոչ մէկ բան ունին ուտելու»։ Դուք շնորհակալ կ՛ըլլա՞ք Տիրոջ, որ ձեզի կերակուր կու տայ։ Շնորհակա՞լ ենք անոր որ մեզի ընտանիք մը պարգեւեց»։
Սրբազան Պապը խօսեցաւ ապա հաւատքի թեմայի մասին հարց տալով. «Դուք քրիստոնեա՞յ էք։ Հաւատք ունի՞ք», ու հրաւիրեց միասին կրկնել. «շնորհակալ եմ քեզի Տէր` որ ինծի պարգեւեցիր հաւատքը»
Զրոյցի ընթացքին մանուկներու կողմէ ուղղուած ամենէն տպաւորիչ հարցումներէն մին եղաւ տասը տարեկան Ալիչէին հարցումը։ «Ի՞նչպէս կրնամ շնորհակալութիւն յայտնել Տիրոջ հիւանդութեան ժամանակ։
«Մութ պահերու մէջ եւս պէտք է շնորհակալ ըլլանք Տիրոջ որովհետեւ Ան մեզի կու տայ դժուարութիւններուն դիմադրելու համբերութիւնը» պատասխանեց Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով միասին կրկնել.«Շնորհակալ եմ Տէր, որ ինծի ուժ կու տաս դիմադրելու ցաւին»
Այլ փոքրիկներ եւս հարցեր ներկայացուցին, թէ ի՞նչու կայ մահն ու մենակութիւնը։ Սոֆիան, որ մի քանի օրէն Առաջին Հաղորդութիւնը պիտի ստանայ, շատ ցնցուած է պատերազմներու լուրերէն եւ Քահանայապետին հարցուց թէ ի՞նչպէս «շնորհակալութիւն» ըսել այսպիսի ողբերգական պահերու ընթացքին:
«Մենք պէտք է Անոր շնորհակալութիւն յայտնենք միշտ, իւրաքանչիւր պահի ժամանակ։ Ես ձեզի կը խրատեմ, պառկելէն առաջ մտածել, ի՞նչու համար այսօր կարող եմ շնորհակալութիւն ըլլալ Տիրոջ» ապա «Շնորհակալութիւն յայտնեցէք»։
Հանդիպումի աւարտին մանուկները Ֆրանչիսկոս Պապին հետ միասին արտասանեցին գոհաբանութեան աղօթք մը, որ յօրինուած էր այս հանդիպումին համար եւ որ անոնց կեանքին մէջ պիտի մնայ, որպէս արտակարգ ու աննախընթաց պահ մը։
Մեկնումէն առաջ Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց մանուկները անոնցմէ իւրաքանչիւրին նուիրելով շոքոլայէ հաւկիթներ։ Մինչ քահանաներուն ու կրօնուսոյցներուն նուիրեց «աղօթքի մասին ծանօթագրութիւններ» հաւաքածոն, որ պատրաստուած է Աւետարանութեան Վերատեսչութեան առաջին բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ, որպէս հովուական ուղեցոյց հասարակութիւններուն, 2025 Յոբելենական տարւոյն պատրաստութեան համար, աղօթքի կեդրոնականութիւնը վերագտնելու ուղեւորութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ