Որոնել

2023.08.05 Viaggio Apostolico in Portogallo in occasione della XXXVII Giornata Mondiale della Gioventu' - Veglia con i giovani

Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի հանդիպի Խաղաղութեան Դպրոցներու 6 հազար աշակերտներու եւ ուսուցիչներու հետ

Ունկնդրութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ 19 ապրիլին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, որպէս հանգրուան դէպի 25 եւ 26 մայիսին նշուելիք` Մանուկներու Համաշխարհային Օր առաջնորդող ուղեւորութեան ու մաս կը կազմէ «Փոխակերպենք ապագան. Խնամքով` խաղաղութեան համար» ծրագրին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Պատրաստել խաղաղութիւն կերտողներու նոր սերունդ: Այս նպատակով է որ յաջորդ ուրբաթ օր՝ 19 ապրիլին, Խաղաղութեան դպրոցներու ազգային ցանցի 6 հազար աշակերտ, ուսուցիչ և դպրոցներու ղեկավարներ, պիտի հանդիպին Ֆրանչիսկոս Պապին հետ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ։

Անոնց պիտի միանան նաեւ համալսարանի դասախօսներ, տեղական հոգաբարձուներ և քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ, որոնք ստորագրած էին խաղաղութեան կրթութեան ի նպաստ «Ասսիզիի Դաշնագիրը»:

Ուսանողներու հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ մաս է քաղաքացիական դաստիարակութեան ծրագրի մը, որը կոչուած է «Փոխակերպենք ապագան. Խնամքով խաղաղութեան համար» և հանգրուան է այն ճանապարհին վրայ, որ կը տանի մայիսի 25-ին և 26-ին Մանուկներու առաջին համաշխարհային օրուան իրականացման։

Մամլոյ ասուլիս

Հանդիպման պատճառներն ու ծրագիրը պիտի ներկայացուին չորեքշաբթի՝ 17 ապրիլի առաւօտեան ժամը - 11-ին, Հռոմի Սան Մասիմիլիանօ Քոլպէ Վանքի դահլիճին մէջ, տեղի ունենալիք մամուլի ասուլիսի ընթացքին։

Մամլոյ Ասուլիսի ընթացքին պիտի ներկայացուին ՄԱԿ-ի «Ապագայի գագաթնաժողով»ին ի տես իտալական դպրոցներուն մէջ իրականացուած «Երիտասարդները եւ ապագան» թեմայով հարցարանին առաջին արդիւնքները։

Ասուլիսի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան. Ֆապիանա Քրուչանի` Խաղաղութեան դպրոցներու ազգային ցանցի գլխաւոր ուսուցիչ և համակարգող; հայր Էնցօ Ֆորթունաթոն, Մանուկներու համաշխարհային օրուայ համակարգող; Ֆլավիօ Լոթթի, Խաղաղութեան դպրոցներու ազգային ցանցի տնօրէն: Հռոմի «Via di Ripetta» արւեստի բարձրագոյն դպրոցի սաները՝ ուղեկցութեամբ Փրոֆ. Ռոպերթօ Սքոնիամիլիոյին և Հռոմի Միլանեզի Համապարփակ ինստիտուտի աշակերտները փրոֆ. Քիարա Աթանազիոյի ընկերակցութեամբ։

«Փոխակերպենք ապագան. Խնամքով` խաղաղութեան համար» 

«Աշխարհին պէտք են երիտասարդ արհեստաւորներ, խաղաղութիւն կերտողներ։ Նոր, դրական, ստեղծագործ ուժ, որոնք ունակ ըլլան դիմակայելու բռնութեան և մոլեգնող պատերազմին: Երիտասարդներ՝ ընկղմուած իրականութեան մէջ, բայց ունակ երազելու և աւելի լաւ կեանք ցանկանալու։ Իրաւասու երիտասարդներ՝ պատրաստ աշխատելու արագ փոփոխուող ապագայի հետ: Ստեղծագործ երիտասարդներ, որոնք կրքով և ստեղծագործութեամբ նուիրուած են ժամանակակից մարտահրաւէրները դիմակայելու: Երիտասարդներ, որոնք հոգ կը տանին իրենց, բայց նաև ուրիշներուն և մոլորակին» ահա այս է «Փոխակերպենք ապագան. Խնամքով` խաղաղութեան համար» ծրագրին նպատակը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2024, 08:30