Որոնել

2024.01.17 il buon samaritano

Աշխարհին մէջ ըլլանք Յիսուսի երազանքին վկաները. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Ոտքի կանգնինք ուրեմն ու մենք մեզ դնենք ուղեւորութեան մէջ, որպէս յոյսի ուխտաւորներ, որպէսզի այնպէս ինչպէս Մարիամը ըրաւ Եղիսաբեթին հետ, մենք եւս կարողանանք տանիլ ուրախութեան պատգամը, ծնիլ նոր կեանք եւ դառնալ եղբայրութեան ու խաղաղութեան արհեստաւորներ» գրած է միշտ Ֆրանչիսկոս Պապ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Որպէս Յոյսի ուխտաւորներ քալենք դէպի Սուրբ Տարի, որպէսզի, վերագտնելով մեր սեփական #կոչումը և կիսելով Սուրբ Հոգիի տարբեր պարգևները, կարողանանք աշխարհին մէջ ըլլալ Յիսուսի երազանքին վկաները. կազմենք մէկ ընտանիք՝ միացած Աստուծոյ սիրոյն մէջ». Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ուրբաթ 19 ապրիլին հրապարակած թուիթը, որուն մէջ Ան անդրադարձաւ դէպի 2025ի Յոբելենական տարի տանող ուղեւորութեան հրաւիրելով կիսել Սուրբ Հոգիին պարգեւները եւ կազմել մէկ մարդկային ընտանիք։

Գրառումին պարունակութիւնը քաղուած է Սրբազան Պապի Կոչումներու համար աղօթքի 61րդ Համաշխարհային օրուան առիթով պատգամէն, որուն բնաբանն է «կոչուած սերմանելու յոյս եւ կառուցելու խաղաղութիւնը»։

«Յոյսի ուխտաւորներ եւ խաղաղութեան կառուցողները ըլլալը կը նշանակէ մեր իսկ կեանքը հիմնել Քրիստոսի յարութեան ժայռին վրայ, գիտակից ըլլալով, որ մեր իւրաքանչիւր յանձնառում դատարկ պիտի չըլլայ» գրած է Սրբազան Պապը Կոչումներու աղօթքի օրուան նուիրած իր պատգամին մէջ, խրախուսելով բոլորը Սուրբ Հոգիի օգնութեամբ դառնալու յոյսի ու խաղաղութեան սերմանողները։

Պատգամին վերջին հատուածին մէջ Քահանայապետը կոչ ուղղած է բոլորին ոտքի ելլելու. «Վեր կացէք» արթննանք քունէն, դուրս գանք անտարբերութենէն, բանանք բանտին ճաղերը, որոնց մէջ երբեմն կը փակուինք, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրս կարողանայ բացայայտել իր կոչումը Եկեղեցւոյ և աշխարհին մէջ և դառնայ յոյսի ուխտաւոր և խաղաղութիւն ստեղծող:

«Ոտքի կանգնինք ուրեմն ու մենք մեզ դնենք ուղեւորութեան մէջ, որպէս յոյսի ուխտաւորներ, որպէսզի այնպէս ինչպէս Մարիամը ըրաւ Եղիսաբեթին հետ, մենք եւս կարողանանք տանիլ ուրախութեան պատգամը, ծնիլ նոր կեանք եւ դառնալ եղբայրութեան ու խաղաղութեան արհեստաւորներ» գրած է միշտ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2024, 13:30