Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հինգ ժամուայ այցը Վենետիկ

«Վենետիկի համար այս եղաւ անմոռանալի օր մը» ըսաւ այս առիթով Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Վենետիկի Պատրիարք Գերապայծառ Ֆրանչսեսքօ Մորալիան անդրադառնալով Քահանայապետին հովուական այցելութեան տարբեր հանգրուաններուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգ ժամ` այսքան տեւեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 28 ապրիլ 2024ին հովուական այցելութիւնը աշխարհի հրաշալիքներէն մին նկատուած` Վենետիկ քաղաք, ուր կը գտնուի նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքը Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ եւ ուր այլ հայկականութեան հետքերը չեն պակսիր։

Քահանայապետին այցելութիւնը եղաւ կարճ բայց խիտ յայտագիրով։

Ֆրանչիսկոսը չորրորդ Քահանայապետն է` որ այցելեց Վենետիկը բայց առաջինը որ մասնակցեցաւ Վենետիկի Արուեստի «Պիեննալէին», ուր իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Սուրբ Աթոռը։

«Վենետիկի համար այս եղաւ անմոռանալի օր մը» ըսաւ այս առիթով Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Վենետիկի Պատրիարք Գերապայծառ Ֆրանչսեսքօ Մորալիան անդրադառնալով Քահանայապետին հովուական այցելութեան տարբեր հանգրուաններուն։

Նորին Սրբութիւնը այցելութիւնը սկսաւ « Ճուտեքքա» կղզիի իգական բանտէն ուր հանդիպեցաւ բանտարկեալ կիներուն հետ քաջալերելով զանոնք միշտ յոյսին կառչելու եւ վերակառուցելու իրենց կեանքը։ Սրբազան Պապը ապա զրուցեց անոնցմէ մի քանիներուն հետ եւ մէկիկ մէկիկ ողջունեց զանոնք ի յայտ դնելով գերբնակեցման, միջոցներու պակասի, բռնութեան եւ տառապանքի խնդիրները ու մաղթելով, որ բանտը դառնայ «վերածնունդի մը վայր` ուր չկղզիացնել արժանապատուութիւնը»։

Քահանայապետին երկրորդ հանդիպումը եղաւ արուեստագէտներուն հետ- որոնց հետ զրուցելով Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց արուեստին արժէքը- որ «շուկայական պէտք չէ դառնայ» ըսաւ Ան։ Արուեստը կոչուած է ըլլալու քաղաք մը, որ կ՛ըմբոստանայ բռնութեան ու խտրականութեան բռնապետութեան դէմ, ստեղծելու համար մարդկային պատկանելութեան ձևեր, որոնք կարող են ճանչնալ, ներառել, պաշտպանել և ընդգրկել բոլորը»։

Սրբազան Քահանայապետին յոյսի խօսքերը ուղղուեցան նաեւ «Սանթա Մարիա Տելլա Սալութէ» Պազիլիքայի հրապարակին վրայ համախմբուած 1500 երիտասարդներուն հրաւիրելով «Գետին չի մնալ այլ վեր կանգնիլ որովհետեւ մենք ստեղծուած ենք Երկնքի համար»։ Ակնարկելով հուսկ Վենետիկի նաւաստիներուն Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց երիտասարդները թիավարելու հետեւողականութեամբ, որպէսզի երթան հեռու։ Այս հանդիպումին յաջորդեց Սուրբ Պատարագը, որուն ընթացքին Քահանայապետը ներկայացուցած քարոզը կեդրոնացուց արարչագործութեան նկատմամբ հոգատարութեան վրայ, կոչ ուղղելով, որ Վենետիկի դառնայ մշակութային փոխանակումի եւ հանդիպումի վայր։

Գերապայծառ Մորալիան նշեց` որ Քահանայապետը այս այցելութեամբ Վենետիկի Եկեղեցւոյ որպէս պատգամ թողուց «Եկեղեցի ըլլալու» պատգամը, որպէսզի կարողանանք դիմագրաւել մարտահրաւէրը եւ այս ընել սկսելով աղօթքէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2024, 08:00