Որոնել

2024.04.28 Visita pastorale a Venezia - Incontro con le detenute

Յատուկ տեղ ունիք իմ սիրտիս մէջ. Միշտ նայեցէք հորիզոնին` ապագային, յոյսով։ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ կալանաւոր կիներուն

Վենետիկ հովուական այցելութեան ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետին առաջին հանդիպումը եղաւ Giudecca կանանց բանտին մէջ, ուր Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Վենետիկի Պատրիարք` Գերապայծառ Ֆրանչէսքօ Մարոալիայի եւ բանտի ղեկավար անձնակազմի կողմէ:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Կիրակի 28 Ապրիլ 2024ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Վենետիկ հովուական այցելութեան առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Ճուտէքքա կղզիին մէջ կանանց կալանավայրը, ուր տեղակայուած է Սուրբ Աթոռի տաղաւարը «La Biennale di Venezia» միջազգային արուեստի 60րդ ցուցահանդէսի ծիրէն ներս:

«Ցանկացայ առաջինը ձեզի այցելել, քանի որ յատուկ տեղ ունիք իմ սիրտիս մէջ», ըսաւ Սրբազան Պապը կալանաւոր կիներուն իր պատգամին սկիզբը եւ խնդրեց այդ պահը ապրիլ ոչ թէ որպէս «պաշտօնական այց», այլ՝ հանդիպում, ուր, «Աստուծոյ շնորհով, կը նուիրենք ժամանակ, աղօթք, մօտիկութիւն եւ եղբայրական սէր մէկս միւսին», նշեց Ան:

Տէրը մեզ միասին կ’ուզէ այս պահուն

«Ուղիները, որ մեզ հոս բերին տարբեր են, անոնցմէ որոշները նաեւ շատ ցաւալի՝ գործած սխալներու պատճառով, որոնց վէրքերը եւ սպիները ամէն անձ տարբեր ձեւերով կը կրէ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը եւ աւելցուց` «Տէրը մեզ միասին կ’ուզէ այս պահուն, քանզի գիտէ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրս ուրոյն բան մը կարող է տալ եւ ստանալ, որուն կարիքը ունին բոլորը»։

Բանտը կարող է դառնալ նաեւ բարոյական եւ նիւթական վերածնունդի վայր

«Բանտը տառապանք առաջացնող դաժան իրականութիւն է» հաստատեց ապա Նորին Սրբութիւնը եւ միաժամանակ նկատել տուաւ, որ, այնուամենայնիւ, այն «կարող է դառնալ նաեւ բարոյական եւ նիւթական վերածնունդի վայր, որտեղ կանանց և այր մարդոց արժանապատուութիւնը ոչ թէ «մեկուսացուած» է, այլ կը խթանուի փոխադարձ յարգանքի եւ տաղանդներու ու կարողութիւններու հանդէպ հոգատարութեան միջոցաւ», որոնք, ընդգծեց Ան, «գուցէ թմրած կամ արգելափակուած մնացած են կեանքի իրավիճակներու բերումով, բայց կարող են նորէն ի յայտ գալ ի բարօրութիւն բոլորի»՝ նշանաւորելով նոր բանի մը սկիզբը:

Բոլորս ալ ունինք ներումի արժանի սխալներ, ներուիլ՝ ներելու համար

Ըսուածի վկայութիւնը, ըստ Նորին Սրբութեան, բանտէն ներս «Իմ աչքերով» բնաբանով արուեստագիտական ցուցահանդէսն է, որուն կազմակերպութեան համար իրենց մասնակցութիւնը բերած են: Այս իմաստով Ֆրանչիսկոս Պապը կարեւոր համարեց, «չմեկուսացնելու արժանապատւութիւնը» որպէսզի բանտային համակարգը կալանաւորներուն՝ կին թէ այր մարդ, տրամադրէ մարդկային, հոգեւոր, մշակութային եւ մասնագիտական աճը խթանող գործիքներ։

Ի վերջոյ Քահանայապետը յորդորեց չմոռնալ, որ «բոլորս ալ ունինք ներումի կարիք ունեցող սխալներ եւ բուժումի կարօտ վէրքեր, եւ յատկապէս բոլորս ալ կարող ենք դառնալ բժշկուած, որոնք բուժում կը տարածեն, ներուած, որոնք ներում կը բերեն, վերածնուած որոնք վերածնունդ կը բերեն», յարեց Ան ապա խրատեց չփակել պատուհանները, այլ նայիլ միշտ հորիզոնին, ապագային, յոյսով ... մենք մեզի առաջարկենք իւրաքանչիւր օրը սկսիլ հաստատելով, թէ այսօր այդ ճիշտ օրն է, վերսկսելու»։

Ճուտեքքայի բանտին մէջ հանդիպումէն ետքը Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ դէպի «Սանթա Մարիա Մատտալէնա տելլե Քոնվերթիթէ» եկեղեցի՝ բացումը կատարելու Սուրբ Աթոռի տաղաւարի ցուցահանդէսին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2024, 08:45