Որոնել

Վենետիկի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը երիտասարդներուն հետ Վենետիկի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը երիտասարդներուն հետ

Քու ստեղծագործութեամբ գունաւորէ աշխարհը, Աւետարանով ներկէ կեանքի փողոցները. Քահանայապետը երիտասարդներուն

Սրբազան Քահանայապետին Վենետիկի մէջ հերթական հանդիպումը երիտասարդներուն հետ էր՝ Basilica della Salute-ի հրապարակին հարեւանութեամբ. Շահ փնտռող աշխարհի մէջ «ձրիութեան համանուագի» մը կեանք տալու պարագային է, որ կարող ենք յեղափոխականներ կոչուիլ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 28 ապրիլի Վենետիկ այցելութեան ընթացքին հերթական հանդիպումը եղաւ երիտասարդներուն հետ, եւ կազմակերպուած էր Basilica della Saluteի հրապարակին հարեւանութեամբ:

«Վկայել եւ ապրիլ վկայելու ուրախութիւնը: Որպէս Աստուծոյ սիրելի զաւակներ՝ կոչուած ենք իրականացնելու Տիրոջ այս երազանքը, այստեղ ենք՝ կիսելու մեր ապրած փորձառութիւնները, թէկուզ միայն աղօթքի, հայեացքի կամ ժպիտի միջոցաւ, ասկէ աւելի գեղեցիկ բան չկայ», ըսաւ անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը:

Այդ մէկը ընելու համար Պապը յորդորեց կատարել երկու գործողութիւն՝ ոտքի ելլել եւ երթալ. «Շարժումի երկու բայ, ըսաւ Ան, որոնք աշխուժացուցած են Աստուածամօր՝ Մարիամի երիտասարդ սիրտը», որ Տիրոջ ուրախութիւնը տարածելու եւ օգնելու համար անոնց, որոնք կարիքի մէջ են՝ «ոտքի ելաւ ու գնաց» (հմմտ. Ղուկաս 1,39):

Յիշեցնենք, որ Ղուկաս Աւետարանիչի «Մարիամը ոտքի ելաւ ու փութով ճամբայ ելաւ» բառերը անցեալ տարի նաեւ Լիզպոնի ԵՀՕի կարգախօսն էր եւ Սրբազան Քահանայապետը յաճախ կը սիրէ մէջբերել զայն, յատկապէս երիտասարդներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին։

Ոտքի ելլել՝ գիտակցելով, որ թանկ եւ անփոխարինելի ենք

Առաջին գործողութիւնը՝ ոտքի ելլել, ըստ Ֆրանչիսկոսի կը նշանակէ՝ ոտքի ելլել գետնէն, քանզի ստեղծուած ենք Երկինքին համար:

Կը նշանակէ կեանքին դէմ առ դէմ կայնիլ, ընդունիլ որ նուէր ենք՝ գիտակցելով, որ թանկ եւ անփոխարինելի ենք, որ «ոչ թէ ինքնագնահատում է այլ՝ իրականութիւն»:

Կը նշանակէ առաւօտեան արթննալ եւ շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ. «Աստուած իմ, շնորհակալ եմ կեանքի համար: Աստուած իմ, ստիպէ ինձ սիրահարուիլ իմ կեանքիս: Աստուած իմ, Դուն իմ կեանքն ես»: Այնուհետեւ աղօթել Հայր մերը, ուր առաջին բառը ուրախութեան բանալին է, քանի որ Հայր ըսելով մենք մեզի Աստուծոյ համար սիրելի որդի, սիրելի դուստր կը ճանչնաք:

Կը նշանակէ յիշել, որ Տէրը միշտ մեր կողքին է, երբեք չի հիասթափեցներ եւ Իրեն ապաւինողները միշտ կը բարձրացնէ դժուարութիւններու եւ փխրունութիւններու ատեն եւ կը ներէ, երբ կը սխալինք: Համոզուելու համար Սրբազան Հայրը խորհուրդ տուաւ կարդալ Աւետարանը եւ նաեւ գրպանի մէջ միշտ փոքրիկ Աւետարան ունենալ։

Հետեւողականութիւնը եւ հաստատակամութիւնը միշտ արդիւնք կու տան

«Ոտքի ելլելը բաւական չէ, պէտք է աշխատիլ կանգուն մնալ, որ դիւրին չէ, սակայն անոր յաջողութեան գաղտնիքը հետեւողականութիւնն է», նկատել տուաւ ապա Սրբազան Պապը եւ օրինակ բերաւ մարզիկներուն, երաժիշտներուն ու գիտնականներուն, որոնք իրենց փորձով գիտեն, որ մեծ նպատակներուն հնարաւոր չէ հասնիլ մէկ ակնթարթի մէջ:

«Եւ եթէ այս մէկը կը վերաբերի մարզաձեւին, արուեստին եւ մշակոյթին, ապա առաւել եւս կը վերաբերի կեանքի մէջ ամենէ կարեւորին` հաւատքին եւ սիրոյն», յարեց Նորին Սրբութիւնը եւ յորդորեց աղօթել եւ բարիք գործել ամէն օր, հետեւողական կերպով եւ միասին՝ առանց յոգնելու, անգամ եթէ շուրջդ բոլորը բջջային հեռախօսներով առանձնացած ու ընկղմուած են ընկերային ցանցերուն մէջ «քու կեանքդ ձեռքերուդ մէջ վերցուր(...) մարէ՛ հեռուստացոյցը եւ բա՛ց Աւետարանը, մէկ կողմ դի՛ր բջջային հեռախօսը եւ հանդիպէ՛ մարդոց»:

Կը թուի թէ կը լսեմ ձեր առարկութիւնը, որ այդ մէկը դիւրին չէ, քանի, որ հոսանքին հակառակ է, շարունակեց միտքը Քահանայապետը ըսելով, որ Վենետիկը իսկ մեզի ցոյց կու տայ, որ միայն հետեւողական եւ հաստատակամ կերպով թիավարելով հեռուն կ’երթանք: Հաստատակամութիւնը միշտ արդիւնք կու տայ, անգամ եթէ մեծ ջանք կը պահանջէ:

Նուէր դառնալ

Երկրորդ գործողութիւնը՝ երթալ, ըստ Ֆրանչիսկոս Պապին, կը նշանակէ նուէր դառնալ՝ նուիրուիլ ուրիշներուն, սիրահարուելու կարողութիւն, քանի որ այն «երիտասարդը, որ սիրահարուելու կամ ուրիշներուն սիրելու ունակութիւն չունի,  անոր մէջ բան մը կը պակսի»։

«Մտածենք մեր հօր մասին, որ ամէն բան ստեղծեց մեզի համար, ամէն բան տուաւ եւ հարց ուղղենք մենք մեզի  որու՞ համար կարող եմ գեղեցիկ բան մը ստեղծել,  բան մը, որ մինչ այդ գոյութիւն չ’ունէր», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:

«Սիրտէն բխած աղօթքը, (…) սիրոյ ժէսթը մէկու մը, որ չի կրնար զայն փոխադարձել, կը նշանակէ  ընդօրինակել Աստուծոյ ոճը, որ կը ստեղծէ՝ որ ձրիութեան ոճն է», աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը ու հաստատեց, որ շահ փնտռող աշխարհի մէջ «ձրիութեան համանուագի» մը կեանք տալու պարագային է, որ կարող ենք յեղափոխականներ կոչուիլ։

Ան ապա պատգամը աւարտեց յորդորելով. «Դուն՝ Երիտասարդ, որ կ’ուզես քու կեանքդ տնօրինել, ոտքի ե՛լ: Բա՛ց քու սիրտդ Աստուծոյ առջեւ, շնորհակալութիւն յայտնէ Անոր, (…) սիրահարուիր քու կեանքիդ. Ապա գնա՛: Ոտքի ե՛լ, սիրահարուիր եւ գնա՛։  Դուրս ե՛լ, քալէ՛ ուրիշներու հետ, փնտռէ անոնց, որոնք մինակ են, քու ստեղծագործութեամբ գունաւորէ աշխարհը, Աւետարանով ներկէ կեանքի փողոցները։ Վեր ե՛լ եւ գնա՛։ Յիսուս քեզ կը ղրկէ այս հրաւէրը: (…) Ունկնդրէ այս կոչը, կրկնէ եւ պահպանէ՛ քո սիրտիդ մէջ: Ոտքի ել՛ եւ գնա՛»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2024, 10:42