Որոնել

2024.04.20 Pellegrini della Diocesi di Cesena-Sarsina, Tivoli, Savona e Imola, im occasione del bicentenario della morte di Papa Pio VII

Քահանայապետը հանդիպեցաւ Պիոս Է մահուան երկու հարիւրամեակին առիթով Վատիկան ժամանած ուխտաւորներուն

Քիարամոնթի Քահանայապետը եղաւ եւ է բոլորիս համար իր հօտին համար կեանքը տուող բարի հովիւին վեհանձն տիպարը։ Նշանաւոր մշակոյթի և բարեպաշտութեան տէր մարդ՝ վանական, վանահայր, եպիսկոպոս և քահանայապետ, այս բոլոր դերերուն մէջ ան միշտ անձեռնմխելի պահեց, նոյնիսկ մեծ զոհողութիւններու գինով, իր նուիրումը առ Աստուած և Եկեղեցւոյ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

1823ի օգոստոսի 20ին իր մահկանացուն կը կնքէր Աստուծոյ Ծառայ Պիոս Է Քահանայապետը եւ 2023ին նշուեցաւ Անոր մահուան երկու հարիւրամեակը, որուն առիթով այսօր` 20 ապրիլ 2024ին Չեզեան-Սարսինա, Սավոնա- Նոլի, Իմոլա եւ Թիվոլիի թեմերէն ուխտաւորներ ժամանեցին Վատիկան եւ մասնակցեցան Ֆրանչիսկոս Պապին վերոնշեալ Յոբելեանին առիթով շնորհած ունկնդրութեան։

Բարի Հովիւի տիպար քահանայապետը

«Քիարամոնթի Քահանայապետը եղաւ եւ է բոլորիս համար իր հօտին համար կեանքը տուող բարի հովիւին վեհանձն տիպարը։ Նշանաւոր մշակոյթի և բարեպաշտութեան տէր մարդ՝ վանական, վանահայր, եպիսկոպոս և քահանայապետ, այս բոլոր դերերուն մէջ ան միշտ անձեռնմխելի պահեց, նոյնիսկ մեծ զոհողութիւններու գինով, իր նուիրումը առ Աստուած և Եկեղեցւոյ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը վերոնշեալ ուխտաւորներուն ուղղած իր ճառին մէջ ակնարկելով անոր ձերբակալման դէպքին ու այդ առիթով անոր առաջարկուած ազատագրումի կարելիութեան պայմանաւ որ ան փոխզիջումներ կատարէր իր հովուական պատասխանատուութիւններուն դիմաց ու Ան հաստատակամ պատասխանած էր. «Պէտք չենք, չենք կարող եւ չենք ուզեր»։

Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապը ճառը ուզեց կեդրոնացնել երջանկայիշատակ Քահանայապետին երեք կեդրոնական արժէքներուն վրայ որոնք ըսաւ Ան, հիմնական են նաեւ մեր անձնական ու հասարակական ուղեւորութեան համար. Հաղորդութիւնը, վկայութիւնը եւ ողորմութիւնը։

Հաղորդութիւն

Առաջինը` հաղորդութիւնը։ Ֆրանսիական անյեղափոխութիւն և Նափոլէոնի արշաւանքներուն հետևանքով առաջացած անկարգութիւնները յառաջացուցած էին ցաւալի ճեղքեր, ինչպէս Աստուծոյ ժողովրդի մէջ, այնպէս էլ շրջապատող աշխարհի հետ նրանց յարաբերութիւններուն մէջ. Պիոս Է Մմիութիւնը պաշտպանելու իր հանդարտ և յամառ հաստատակամութեամբ կարողացաւ վերափոխել ամբարտաւանութիւնն անոնց, որոնք կը ցանկանային զինք մեկուսացնել և հեռացնել, հրապարակայնօրէն զրկելով ինքզինք բոլոր արժանապատուութիւններէն, վերարծարծելու միտումով` Եկեղեցու հանդէպ նուիրուածութեան և սիրոյ պատգամը, որուն Աստուծոյ ժողովուրդը արձագանքեց խանդավառութեամբ։ «Արդիւնքը եղաւ համայնք մը, որ նիւթապէս աւելի աղքատ էր, բայց բարոյապէս աւելի համախմբուած, ուժեղ և վստահելի» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով որ Անոր օրինակը կը քաջալերէ մեզ մեր ժամանակներուն ամար ըլլալու միութեան կերտողներ ընդհանրական Եկեղեցւոյ մէջ, եւ հաղորդութիւնը հրահրել, հաշտութիւն յառաջացնել ու խաղաղութիւն խթանել մնալով հաւատարիմ բարեսիրութեան ճշմարտութեան»

Վկայութիւն

Վկայութիւնը. Քիարամոնթի Քահանայապետը եղաւ Աւետարանի արի քարոզողը, խօսքով ու կեանքով. Ան կարդինալներուն կ՛ըսէր. Եկեղեցին պէտք ունի մեր բարի օրինակին...որպէսզի բոլորը հասկնան, որ ոչ թէ շռայլութեան այլ հարստութեան անտեսումին, խոնարհութեան, պարկեշտութեան, համբերութեան, սիրով ու նաեւ քահանայական բոլոր պարտականութիւններուն մէջ նկարագրուած է մեր Արարիչին պատկերը...եւ կը պահպանուի Եկեղեցւոյ իսկական չափանիշը։ «Եւ ինք արդարեւ այս բոլորը իրագործեց իր կեանքով ու օրինակով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսեցաւ երրորդ երեւոյթի մասին` ողորմութիւնը։

Ողորմութիւն

Հակառակ այն խոչընդոտներուն որոնք յառաջացան Նափոլէոնեան իրադարձութիւններու հետևանքով, Պիոս եօթներորդ Պապը իր ուշադրութիւնը կենտրոնացրեց կարիքաւորներուն վրայ՝ իր ժամանակի համար նորարարական որոշ հեռահար ընկերային բարեփոխումներով և նախաձեռնութիւններով, որոնց շարքին Լա Սափիենցա համալսարանի մօտ հիմնելով վիրաբուժութեան բաժանմունք մը` բժշկական օգնութեան բարելաւման և հետազօտութիւններու աճումին համար:

«Ան այդ ողորմութիւնը ցուցաբերեց նաեւ զինք հալածողներուն նկատմամբ, անոնց հետ պահելով երկխօսութեան խողովակները ու անոնց նուիրելով իր ներումը» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով ներկաները խոկալու Աստուծոյ ծառայ Պիոս Է-ին մեզի թողած վկայութիւններուն` ու զանոնք իւրացնելու եւ դարձնելու մերը։

Նորին Սրբութիւնը ճառը աւարտեց բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները ու սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրելով իրենց համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2024, 11:52