Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Գաղափարախօսութիւնները կը սպանեն. աշխարհային պատերազմին մէջ անհրաժեշտ է մշակոյթի դիւանագիտութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պատմագիտական ուսումնասիրութիւններու քահանայապետական կոմիտէի անդամները, կոմիտէի հիմնադրութեան 70-րդ տարեդարձին առիթով

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 20 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելութիւնը ընդունեց Պատմագիտական ուսումնասիրութիւններու քահանայապետական կոմիտէի անդամներուն՝ կոմիտէի հիմնադրութեան 70-րդ տարեդարձին առիթով։

Ներկաներուն փոխանցած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը նախ նկատել տուաւ, որ յիշեալ կոմիտէի անդամները, որոնք ժամանած են աշխարհի երեք ցամաքամասերէն, իւրաքանչիւրը ունի իր բարձր գնահատուած հմտութիւնները, ապա ակնարկեց«Գործեր եւ վաւերագրեր» մատենաշարին, որ ղեկավարուած է քահանայապետական կոմիտէին կողմէ եւ որուն հրատարակութեան 70 ամեակն է յարելով, թէ «Սա կը վկայէ պատմական որոնումի մէջ յանձնառութիւն մը՝ համաշխարհային մակարդակի վրայ, երկխօսութեան հոգիին մէջ պատմաբաններուն զգայնութեան եւ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու աւանդութիւններուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց պահպանելու այդ հարստացնող մօտեցումը, որ «բաղկացած է մշտական ու ուշադիր ունկնդրութեամբ, զերծ որեւէ գաղափարախօսութիւններէն, յարգելով ճշմարտութիւնը» ապա վերյիշեց կոմիտէի հիմնադրութեան 60 ամեակի առթիւ իր արտասանած խօսքէն հատուած մը «Հանդիպելով եւ համագործակցելով իւրաքանչիւր մշակոյթի եւ կրօնի հետազօտողներու հետ, դուք կարող էք յատուկ ներդրում ունենալ եկեղեցւոյ եւ ժամանակից աշխարհի երկխօսութեան մէջ (Ճառ 12 ապրիլ 2014).

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամի մէջ նշեց, թէ ինք կը սիրէ մտածել եկեղեցւոյ եւ պատմագէտներուն միջեւ յարաբերութիւններու մասին՝ մերձեցումի տեսանկիւնէն ապա յարեց, թէ Եկեղեցին կը քալէ պատմութեան մէջ, ամէն ժամանակուայ այր մարդոց եւ կանանց հետ ու չպատկանիր ոչ մէկ որեւէ շօշափելի մշակոյթի, սակայն կը ցանկանայ աշխուժացնել իւրաքանչիւր մշակոյթի սիրտը Աւետարանի մեղմ եւ խիզախ վկայութեամբ, որպէսզի միասին կերտենք հանդիպումի քաղաքակրթութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը շեշտելով, որ անհատապաշտական ինքնորոշման գայթակղութիւնները եւ սեփական տեսակէտի գաղափարական հաստատումը կը սնանեն բախումի անբարեգթութիւնը»։ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ 60 տարի առաջ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին ընթացքին հնչեցուցած Սուրբ Պօղոս Քահանայապետէն խօսքէն հատուածը մը «Թող ոչ մէկը մտածէ, որ եկեղեցին կը կեդրոնանայ իր վրայ ինքնագոհ ըլլալու համար եւ կը մոռնայ՝ ըլլայ Քրիստոսը, որմէ ամէն ինչ կը ստանայ եւ որուն պարտական է, ըլլայ մարդկային ցեղը, որուն կը ծառայէ եւ որուն համար ծնած է։ (Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի երրորդ նստաշրջանի բացումին ճառը» (4 սեպտեմբեր 1964)

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց ըսելով «Ձեր եօթանասուն ամեակի առթիւ կը մաղթեմ, որ ձեր գործունէութիւնները համապատասխանեն այս խօսքերուն. Պատմական ուսումնասիրութիւնները ձեզ դարձնեն մարդկութեան մէջ վարպետներ եւ մարդկութեան ծառաներ»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2024, 10:21