Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Աստուծոյ ապաւինիք, որպէսզի յոյսով բեղմնաւորենք նոյնիսկ ամուլ հողերը

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Սպանիոյ Պուրկոս քաղաքի դպրեվանքի հասարակութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 27 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Սպանիոյ Պուրկոս քաղաքի դպրեվանքին քահանաներն ու նորընծաները։

«Այսօր ուրախ եմ ձեր հետ հանդիպելուս համար, Պետրոսի տան մէջ եւ Աստուծոյ գոհութիւն կը յայտնեմ մասնաւորաբար, որովհետեւ ձեր մէջ կը գտնեմ երկու բաներ։ Առաջինը՝ ցեղերու, մշակոյթներու եւ տարիքներու խճանկար, որոնք հաւաքուած են միասնաբար պատասխանելու՝ Յիսուսին քահանայական ծառայութեան կոչումին։ Երկրորդը այն է, որ դուք կը կազմաւորուիք աշխարհի մէկ վայրի մէջ, որ շատերուն համար աներեւակայելի է. պատմութեամբ եւ աւանդութեամբ հարուստ երկիրմը, աշխուժ մարդոցմով՝ իր կլիմայի եւ սովորութիւններուն շնորհիւ, որ այժմ կը սահմանէք, որպէս “la España vaciada”, դատարկուած Սպանիա»։ ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, թէ մտածելու համար, թէ ինչու Աստուած մեզի բերեց այնտեղ ուր մենք կը գտնուինք հրաւիրեց յիշել Ղուկասի աւետարանի մէջ նշուած հատուածը՝ ուր Յիսուս առաքեալները կ՝առաքէ հոն ուր ինք պիտի երթայ (Ղուկ 10,1)։ «Յիսուս կ՝ուզէ որ ես այս դատարկուած երկիրը Աստուծմով լեցնեմ», որպէսզի զինք ներկայ դարձնեմ իմ եղբայրներու միջեւ, որպէսզի Ժողովուրդ, եկեղեցի եւ համայնք կազմէ»եւ այս կատարելու պէտք է նկատի առնել առաջին՝ առանց Աստուծոյ եւ եղբայրներուն նկատմամբ սիրոյ, առանց երկու երկու քալելու չենք կրնար Աստուած բերել, երկրորդ՝ ցոյց տալ Տիրոջ բացարձակ հասանելիութիւն, աղօթելով իրեն, որ մեզ առաքէ նոյնիսկ եթէ պզտիկ կը թուինք մեծ աշխատանքին մէջ՝ Երրորդ, ապաւինում եւ վստահութիւն ու դատարկութիւնը մեր սիրտին մէջ տեղ գտնէ՝ Աստուած եւ եղբայրը ընդունելու համար, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Ան պատգամը եզրափակեց ըսելով, որ մեր մէջ Աստուած ունենալը մեզ խաղաղութեամբ կը լեցնէ, խաղաղութիւնը զոր կրնանք հաղորդել, կրնանք տանիլ բոլոր քաղաքներուն եւ ժողովուրդներու եւ փափաքիլ ամէ վայրի մէջ։ «Թող Տէրը օրհնէ ձեզ, Տիրամայրը պահապան կանգնի», ըսաւ Սրբազան Հայրը պատգամի աւարտին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2024, 10:48