Որոնել

Կազայի պատերազմի թիրախ երեխաներ Կազայի պատերազմի թիրախ երեխաներ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Աղօթենք ստրկութեան պայմաններու մէջ ապրող երեխաներու համար

Երեխաներու ստրկութեան դէմ միջազգային օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին գրառումը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ 16 ապրիլին, կը նշուի երեխաներու ստրկութեան դէմ միջազգային օրը, որ խթանուած է Քրիստոնէական մշակութային շարժումի նախաձեռնութեամբ։ Ապրիլ 16-ը կը յիշատակէ 12 ամեայ Փաքիստանցի Իքպալ Մասիհի սպանութիւնը, որ մահացած է 1995ին, երեխաները աշխատանքային շահագործումէն պաշտպանելու փորձ կատարելու համար։

Երեխաներու ստրկութեան դէմ միջազգային օրուան առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապ գրառումով մը հրաւիրեց աղօթելու ստրկութեան պայմաններու մէջ ապրող մեծ թիւով մանուկներու համար նշելով, որ ամէն մէկ անտեսուած եւ լքուած մանուկ դէպի Աստուած բարձրացող աղերս է

“[ Միասին Աղօթենք միլիոններով մանուկներուն համար, որոնք կ՝ապրին ստրկութեան նման պայմաններու մէջ։ Ամէն մէկ լքուած, ծայր դրուած մանուկ՝ առանց բժշկական հոգատարութեան եւ առանց կրթութեան Աստուծոյ բարձրացած աղերս ] գրած է Սրբազան Հայրը ”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2024, 12:22