Որոնել

Իսրաէլ Իսրաէլ  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Պաղեստինը եւ Իսրայէլը թող, որ երկու ազատ երկիրներ ըլլան բարի յարաբերութիւններու մէջ

Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ կոչ ուղղեց Մերձաւոր արեւելքի, Ուքրանիոյ եւ Մինամարի մէջ խաղաղութեան համար եւ յիշեցուց թէ պատերազմը պարտութիւն է, ու անկէ ամենաշատ շահողները զէնք արտադրողները են։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ չորեքշաբթի, 24 ապրիլին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ կոչ ուղղեց, Ուքրանիոյ, Մերձաւոր արեւելքի եւ Մինամարի մէջ խաղաղութեան համար։
«Կազայի մէջ պատերազմի պատճառով մեծ տառապանք կայ։ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ խաղաղութեան համար, թող երկու պետութիւններ ըլլան, բարի յարաբերութիւններով։ Աղօթենք խաղաղութեան համար», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը

Զէնք արտադրողներուն շահոյթը

Ֆրանչիսկոս Պապ կոչին մէջ յիշեց Արեւելեան Եւրոպայի մէջ բռնկուած հակամարտութիւնը, յիշեց Ուքրանացի երիտասարդները, որոնք պատերազմի կ՝երթան մեռնելու համար, մէկ կողմէ շատեր կը տառապին միւս կողմէ շատեր կը շահին ըսաւ նորին Սրբութիւնը շեշտելով, որ Պատերազմը պարտութիւն է, անկէ ամենէն շատ շահողները զէնքերը արտադրողներն են, հրաւիրելով աղօթելու խաղաղութեան համար։

Նշենք, թէ նորին Սրբութիւնը շատ անգամ ընդգծած է Իսրայէլի եւ Պաղեստինի համար երկու պետութիւններուն լուծումի կարեւորութիւնը։ Կիրակի 14 ապրիլին, Ուրախ լեր Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան մէջ խնդրելով, որ ոչ մէկը պէտք է սպառնայ ուրիշներու գոյութեան, միջազգային ընտանիքէն խնդրեց օգնելու Իսրայէլցիներու եւ պաղեստինցիներուն, որպէսզի անոնք ապրին երկու պետութիւններու մէջ քանի, որ անիկա իրենց փափաքն եւ իրաւունք է։

Յայտնենք, թէ Կազայէն կը շարունակուի հասնիլ Իսրայէլի յարձակումներու մասին լուրերը։ Unrwa-ի վկայութեամբ, նախօրէին հասած են սննդամթերքով լեցուն 310 բեռնատարներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2024, 12:27