Որոնել

Ֆրանչիսկոս Ֆրանչիսկոս

Ֆրանչիսկոս Պապ. Աշխարհը պէտք ունի արուեստի, բոլորիս համար ապաստանարան քաղաք

Ֆրանչիսկոս Պապին Վենետիկի մէջ արուեստագէտներու ուղղած պատգամը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 28 ապրիլին, Վենետիկ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վենետիկի Ճուտէքքա կղզիին կանանց կալանավայրէն ներս հանդիպեցաւ«La Biennale di Venezia» միջազգային արուեստի 60րդ ցուցահանդէսի մասնակցող արուեստագէտներուն հետ։ Անոնց ուղղած խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն հանդիպումի համար հաստատելով, որ «այդտեղէն կ՝ուզէ յղել ուղերձ մը բոլորին, այն է թէ աշխարհը պէտք ունի արուեստագէտներու ու այս բանը ցոյց կու տայ այն բոլոր տարիքով մարդիկ, որոնք կը յաճախեն արուեստի վայրեր եւ միջոցառումները, որոնց շարքին, Սան Ճորճօ կղզիին վրայ իրականացուած Սուրբ Աթոռի առաջին տաղաւրը Vatican Chapels, համագործակցութեամբ Չինի հիմնադրամին», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով ,որ արուեստագէտներու կողքին ինքզինք օտար չզգար, ինքզինք իր տան մէջ կը զգայ, « ես կը կարծեմ որ իրականին մէջ ասիկա կը վերաբերի իւրաքանչիւր մարդոց, որովհետեւ ամենայն հաւանականութեամբ, արուեստը ունի «ապաստանի քաղաք» կարգավիճակ՝ քաղաք մը, որ չ՝ենթարկուիր, բռնութեան եւ խտրականութեան վարչակարգին, ստեղծելու համար մարդկային պատկանելիութեան ձեւերը, որոնք կարող են ճանչնալ, ներառել, պաշտպանել, ողջագուրել բոլորը։

Նորին Սրբութիւնը ապա նկատել տուաւ, որ ապաստանի քաղաքը աստուածաշնչական հաստատութիւն է, ան նպատակ ունի կանխել արեան հեղումը եւ մեղմացնել վրէժխնդրութեան կոյր ցանկութիւնը, երաշխաւորելու համար մարդկային իրաւունքները եւ փնտռելու համերաշխութեան ձեւեր։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց արուեստագէտները պատկերացնելու քաղաքներ, որոնք տակաւին գոյութիւն չ՝ունին քարտէսին վրայ, քաղաքներ որոնց մէջ մարդ էակը համարուած է օտար։

Յիշելով ապա տաղաւարին խորագիրը« իմ աչքերով» Սրբազան Հայրը նշեց, որ բոլոր պէտքը ունինք նայուած ըլլալու եւ մենք մեզի նայելու։ Այս մէկուն մէջ Յիսուս բազմամեայ վարպետն է, Ան կը նայի մեզի՝ սիրոյ ուժգնութեամբ որ չդատեր, այլ գիտէ մօտիկ ըլլալ եւ քաջալերել։ «Պիտի ըսէի, որ արուեստը մեզ այս տեսակ նայուածքով կը կրթէ, ոչ տիրապետող, ոչ առարկայական, եւ ոչ  իսկ անտարբերութեամբ,մակերեսային, մեզ կը կրթէ հայեցողական նայուացքով։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց յիշելով Յիսուսի ամբոխին ուղղած հարցը՝ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչին վերաբերեալ, ի՞նչ տեսնելու գացիք անապատը, հովէն շարժող եղէ՞գ մը Mt 11,7-8).

«Եկէ՛ք այս հարցը պահենք մեր սիրտին մէջ, այն մեզ կը մղէ դէպի ապագայ» ըսաւ Սրբազան Հայր։ Ան պատգամը աւարտեց ապահովուեցնելով իր աղօթքը բոլորին համար ու խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2024, 09:37