Ֆրանչիսկոս Պապ. Թող Վենետիկը ըլլայ ներառականութեան, արարչագործութեան հանդէպ հոգատարութեան եւ բոլորին հասանելի գեղեցկութեան նշան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կիրակի, 28 ապրիլին, Վենետիկ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը Սուրբ Մարկոսի հրապարակին վրայ, մասնակցութեամբ կղերականներու եւ մեծ թիւով հաւատացեալներուն։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը Սրբազան Հայրը սկսաւ ըսելով «Յիսուս որթատունկն է, մենք ճիւղերը։ Եւ Աստուած ողորմած եւ բարի հայրը, համբերատար հողագործի պէս կ՝աշխատի, որպէսզի մեր կեանքը դառնայ պտուղներով լեցուն։ Ու ասոր համար Յիսուս մեզի խորհուրդ կու տայ պաշտպանելու այն անգին պարգեւը, որ կապն է իր հետը, որմէ կախեալ է մեր կեանքն ու պտղաբերութիւնը...»։
Միայն, անոնք որոնք կը մնան Յիսուսի հետ միացած պտուղ կու տան
Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց «Յիսուս կը պատրաստուէր երկրային առաքելութիւնը աւարտել։ Վերջին ընթրիքին իր առաքեալներուն յանձնեց Հաղորդութեան հետ որոշ բանալի բառեր. մնացէք՝ այսինքն կենդանի պահեցէք իմ հետս կապը» ըսաւ սրբազան Հայրը դիտել տալով, որ որթատունկի փոխաբերութիւնը, թէեւ կ՝արտայայտէ Աստուծոյ մեզի հանդէպ հոգատարութիւնը, միւս կողմէ մեզ կը զգուշացնէ, որովհետեւ եթէ մենք խզենք այդ կապը Տիրոջ հետ, պիտի չկարենանք կեանքի պտուղներ տալ եւ մենք մեզի վտանգի կ՝ենթարկենք՝ թափուելիք չոր ճիւղեր դառնալու։
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Յիսուսի հանդէպ հաւատքը, Անոր հետ կապը չբանտարկեր մեր ազատութիւնը, ընդհակառակը մեզ կը բանայ ընդունելու Աստուծոյ սիրոյ աւիշը, զոր կը բազմապատկէ մեր ուրախութիւնը, հոգ կը տանի մեզի գինեգործի խնամքով եւ կը ծնի բողբոջներ նոյնիսկ եթէ մեր կեանքի հողը կը չորնայ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց Տիրոջ հետ մնալու հրամայականը, մնալ ոչ թէ անշարժ կերպով, այլ շարժելով, որովհետեւ, «Տիրոջ հետ մնալ կը նշանակէ աճիլ իր հետ յարաբերութեան մէջ, երկխօսիլ Տիրոջ հետ, ընդունիլ անոր խօսքը, իրեն հետեւիլ Աստուծոյ արքայութեան ուղիին վրայ։ Կը նշանակէ Յիսուսի հետ քալել եւ թոյլ տալ խանդավառուելու աւետարանէն եւ դառնալու իր սիրոյ վկաները։
«Յիսուսի մեզի կ՝ըսէ, թէ ան որ հետը կը մնայ պտուղ պիտի տայ«
«Մնալով Յիսուսի հետ միացած, պիտի կարողանանք աւետարանի պտուղները բերել այն իրականութեան մէջ զոր կ՝ապրինք՝ արդարութեան, խաղաղութեան, զօրակցութեան եւ փոխադարձ հոգատարութեան պտուղներ, զգոյշ ընտրութիւններ, պահպանելու համար բնապահպանական ժառանգութիւնը նաեւ մարդկայինը. Պէտք ունինք, որ մեր քրիստոնեայ համայնքները, թաղերը, քաղաքները դառնան հիւրընկալ, ներառական վայրեր։ եւ Վենետիկը, որ միշտ եղած է հանդիպումի եւ մշակութային փոխանակման վայր, կանչուած է ըլլալու բոլորին՝ վերջիններէն սկսեալ, գեղեցկութեան, եղբայրութեան, ընդհանուր տան հոգատարութեան հասանելի նշան։ Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց ըսելով «Վենետիկը եղբայրացնող երկիր մը, շնորհակալութիւն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ