Կեանք ունենալու համար մեր հայեացքը սեւեռենք խաչեալ եւ յարուցեալ Յիսուսին վրայ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Այսօր մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը յաջորդող կիրակին, ըստ լատինաց, նուիրուած է Աստուածային Ողորմութեան։ Օրը հաստատուած է երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին կողմէ, Քոյր Ֆաուսթինա Քովալսքայի սրբադասումին օրը՝ 30 ապրիլ 2000ին։ Յիսուսն է արդարեւ, որ Քոյր Ֆաուսթինայէն խնդրած է յիշատակել այդ օրը. «Կը փափաքիմ որ ողորմութեան տօնը ըլլայ ապաստան ու պատսպարան բոլոր հոգիներուն։ Մարդկութիւնը խաղաղութիւն պիտի չգտնէ մինչեւ որ չդիմէ իմ ողորմութեանս ակնաղբիւրին (Օրագիր 699)» ըսած էր Յիսուս սրբակեաց մայրապետին։
Աստուածային Ողորմութեան կիրակի
Աստուածային Ողորմութեան կիրակիին առիթով եւս Ֆրանչիսկոս Պապ, ըստ աւանդութեան, իր գրասենեակի պատուհանէն նախագահեց Ուրախ Լեր Թագուհի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայութեամբ եւ աղօթքէն առաջ ներկայացուցած խորհրդածութեան սկիզբը ակնարկեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ հաստատուած Աստուածային Ողորմութեան կիրակիին, «որուն Աւետարանը (հմմտ. Յովհ. 20,19-31) , ըսաւ Սրբազան Պապը, մեզի կ՛ըսէ` թէ եթէ հաւատանք Յիսուսին, Աստուծոյ Որդիին, կեանք պիտի ունենանք իր անունով» եւ ասկէ մեկնելով հարց տուաւ «Ի՞նչ կը նշանակէ կեանք ունենալ»։
Կեանք ունենալ
«Բոլորս ալ կը փափաքինք կեանք ունենալ» յարեց Քահանայապետը, սակայն այս մէկը ընելու համար կան տարբեր ձեւեր։ Կան մարդիկ, որոնք իրենց գոյութիւնը կը վերածեն շատ բաներ վայելելու և տիրապետելու կատաղի մրցավազքի՝ ուտել և խմել, զուարճանալ, դրամ և իրեր կուտակել, ուժեղ և նոր յոյզեր զգալ և այլն: «Ճանապարհ մըն է, որ սկիզբը կը թուայ հաճելի բայց սիրտը չի յագեցներ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, թէ այդպիսով չէ որ երջանիկ կ՜ըլլանք որովհետեւ շատ մը երեւոյթներ կը մնան անպատասխան` զոր օրինակ սէրը, ցաւը, մահը...ու նաեւ յոյսը ապրելու առ յաւէտ եւ սիրուած ըլլալու անհուն կերպով։
«Այսօր Աւետարանը մեզի կ՛ըսէ, որ կեանքի այս լիութիւնը, որուն կոչուած է մեզմէ իւրաքանչիւրը, կ՛ իրականանայ Յիսուսի մէջ» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց նայիլ աշակերտներու փորձառութեան։
Յիսուսին հետ կեանքը յաղթական է, մահն ու մեղքը կը պարտուին
«Անոնք կ՛ ապրէին կեանքի ամենաողբերգական պահը՝ չարչարանքներու օրերէն յետոյ փակուած էին Վերնատան մէջ, վախցած ու յուսահատուած։ Յարուցեալը անոնց մօտ կու գայ և նախ ցոյց կու տայ իր վէրքերը. Անոնք տառապանքի և ցաւի նշաններն էին, անոնք կարող էին մեղքի զգացում յառաջացնել, սակայն Յիսուսին հետ անոնք դարձան ողորմութեան և ներման ուղիներ: Եւ այսպիսով աշակերտները տեսան ու ձեռքերով շօշափեցին, որ Յիսուսին հետ կեանքը յաղթական է։ Մահն ու մեղքը կը պարտուին։ Անոնք ստացան ապա Անոր Հոգիին պարգեւը, որ անոնց կու տայ նոր կեանք` որպէս սիրելի զաւակներ՝ լեցուած ուրախութեամբ, սիրով և յոյսով»: Հարց տանք ըսաւ Սրբազան Պապը մենք յոյս ունի՞նք։
Աչքերը սեւեռել Յարուցեալ Քրիստոսին ու տարածել Զատկուան ուրախութիւնը
«Ահա ինչպէս ընել, որպէսզի ամէն օր կեանք ունենաք. Բաւարար է մեր հայեացքը սեւեռել խաչեալ եւ յարուցեալ Յիսուսին վրայ, Անոր հանդիպիլ Խորհուրդներու եւ աղօթքին մէջ, Անոր հաւատալ, զգալ Անոր ներկայութիւնը, թոյլ տալ որ անոր շնորհքը մեզի դպչի ու առաջնորդուիլ անոր օրինակով, փորձարկելով Իրեն պէս սիրելու ուրախութիւնը» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով հարց տալ եթէ մենք այս մէկը կը կատարենք ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը` որպէսզի օգնէ մեզի, ունենալու միշտ աւելի մեծ հաւատք յարուցեալ Յիսուսին մէջ, որպէսզի «կեանք ունենանք» եւ տարածենք Զատկուան ուրախութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ