Ֆրանչիսկոս Պապ. Անտարբերութիւնը վէրք մըն է յուզուինք ուրիշներուն ցաւէն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 6 ապրիլին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց, Իտալիոյ Սիրաքուզա կղզիին մէջ գտնուող Սրբուհի «Անճելա Մերիչի» հիմնադրամի անդամները, հիմնադրամի հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առիթով։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր ուրախութիւնը յայտնելէ ետք ներկաներուն իրենց տուած այցելութեան համար անդրադարձաւ յիշեալ հիմնադրամին պատմութեան, «ձեր պատմութիւնը եւ բոլոր այն բաները զոր ձեր կեդրոններուն մէջ յառաջ կը տանինք՝ վեհանձնութեան մէջ արմատ ունին այն եղելութեան մէջ զոր նշանաւորեց ձեր Սիրաքուզա քաղաքը, երբ 1953ին, Տիրամօր սրբապատկերը սկսաւ լաւ, Իսանուզօրի զոյգին տան մէջ», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ «Այդ Տիրամօր արցունքները Երկնաւոր մօր արցունքներն են՝ Իր Որդիներուն տառապանքներուն եւ ցաւերուն համար. Արցունքներ, որ մեզի կը խօսին Աստուծոյ մեզի հանդէպ կարեկցութեան մասին։ Տէրը մեզի բոլորիս տուաւ իր Մայրը, զոր կը ողբայ մեր արցունքներով՝ մեզի մինակ չձգելու համար դժուար ժամանակներու մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Հիմնադրամին անդամներու մատուցած ծառայութիւններուն ըսելով, որ անոնց մատուցած ծառայութիւնը թանկարժէք են եւ ու անոնց աշխատանքին աղբիւրը Աւետարան է, որուն պէտք կառչած մնալ ըսաւ Ան, աւելցնելով որ հիմնադրամին անդամները Աւետարանին կենդանին վկայութիւնն են ինչպէս նաեւ Յիսուսի կարեկցութեան վկայութիւնը՝ երբ կ՝աշխատին ընկերանալու համար ցաւին մէջ գտնուողները, այնպէս ինչպէս Տէրը խնդրեց առաքեալներէն, մօտիկ կանգնելու անօթիներուն, ընկճուածներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նշեց, որ Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ երբեք չբաժնել Աստուծոյ նկատմամբ Սէրը մերձաւորին նկատմամբ սէրէն, յատուկէն աղքատներուն նկատմամբ սէրէն։ Յիսուս մեզի կը յիշեցնէ, որ կեանքի աւարտին պիտի դատապարտուինք, ոչ թէ արտաքին գործերուն վրայ այլ սիրոյ վրայ։
Նորին Սրբութիւնը պատգամը եզրափակեց քաջալերելով հիմնադրամի անդամները յառաջ երթալու ու վստահեցնելով անոնց, որ Աստուծմէ պիտի հայցէ ամենէն կարեւոր շնորհքը, յուզուելու շնորհքը, լացողին հետ լալու կարողութիւնը։
«Անտարբերութիւնը, անհատապաշտութիւնը, որ մեզ կը փակէ մեր շրջապատողին ճակատագիրին հետ եւ սիրտի այն անզգայութիւնը, որ այլեւս մեզ չյուզեր առօրեայ կեանքի ողբերգութիւններուն հետ, ասոնք ենք ընկերութեան մէջ երեք սարսափելի չարիքները։ Կը խնդրեմ մի՛ ամչնաք լալէն, տառապողներուն համար յուզուելէ, մի խնայէք գթասրտութիւն Անոր հետ որ տկար է, որովհետեւ այս անհատներուն մէջ Տէրը ներկայ է»,նշեց Սրբազան Հայրը, Ան ապա պատգամը աւարտեց քաջալերելով, «Յառաջ գացէք, մի՛ յուսահատուիք, ընդհակառակը երախտապարտ եղէք՝ եթէ ձեր գործը թաքնուած կը մնայ եւ կը պահանջէ լուռ եւ ամենօրեայ զոհողութիւն։ Անոնք որոնք չեն կրնար փոխադարձել կատարուած բարիքը, այդ բարիքը կ՝ընդլայնուի զարմանալի եւ անսպասելի կերպով նման հողին տակ թաքնուած փոքրիկ սերմերուն, որոնք վաղ կամ կանուխ կը բողբոջեն նոր կեանք։ Թող Տիրամօր արցունքները ձեզ պաշտպանէ, պահապանէ եւ բարեխօսէ ձեզի համար։ Հաճեցէք մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար», ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ