«Թող Սուրբ Հոգին ազգերու պատասխանատուներն ու մեզ բոլորս մղէ բանալու խաղաղութեան դռները». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Պենտեկոստէի տօնին օրը` Կիրակի 19 Մայիսին, Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն ետքը, Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն ըսաւ.
Եղբայրներ եւ քոյրեր, Սուրբ Հոգին Ան է, որ կը ստեղծէ ներդաշնակութիւն։ Եւ զայն կը ստեղծէ մեկնելով տարբեր իրականութիւններէ, որոնք յաճախ հակասական են։
Այսօր Պենտեկոստէի տօնին օրը աղօթենք Սուրբ Հոգին, Հօր եւ Որդւոյն Սէրը, որպէսզի ներդաշնակութիւն ստեղծէ սրտերուն մէջ, ներդաշնակութիւն ընտանիքներուն մէջ, ընկերութեան մէջ, համայն աշխարհին մէջ։ Թող` որ Սուրբ Հոգին հաղորդութեան եւ եղբայրութեան մէջ աճեցնէ տարբեր դաւանանքներու քրիստոնեաները, կառավարիչներուն քաջութիւն պարգեւէ, որպէսզի ի գործ դնեն երկխօսութեան արարքներ, որ մղեն` վերջ տալու պատերազմներուն... բազմաթիւ պատերազմներ, մտածենք Ուքրանիային, միտքս կը յղեմ Խարքիվին, որ երկու օրեր առաջ թիրախ եղաւ յարձակումի մը, մտածենք Սուրբ Երկրին, Պաղեստինի, Իսրայէլի, մտածենք բազմաթիւ վայրերուն, ուր կան պատերազմներ. Թող Սուրբ Հոգին ազգերու պատասխանատուները ու մեզ բոլորս մղէ բանալու խաղաղութեան դռները»։
Քահանայապետը հուսկ շնորհակալութիւն ուզեց յայտնել Վերոնայի մէջ իրեն վերապահուած սիրալիր հիւրընկալութեան համար, ուր այցելութիւն տուած էր շաբաթ օրը, այս ծիրէն ներս յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով Վերոնայի բանտի բանտարկեալներուն որոնք, ըսաւ Ան, «անգամ մը եւս ինծի վկայեցին, որ բանտի մը պատերուն ետին կը խայտայ կեանք, մարդկայնութիւն եւ յոյս»։
Նորին Սրբութիւնը ապա ողջունեց իտալիայի տարբեր շրջաններէն ու աշխարհի տարբեր վայրերէն Հռոմ ժամանած ուխտաւորները, որոնց շարքին Թիմոր Լեսթի հաւատացեալները, ապա բոլոր ներկաներուն մաղթեց բարի Կիրակի, խնդրելով, ինչպէս միշտ, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ