Որոնել

2024.05.22 Udienza Generale

Սրբազան Պապը նորոգեց խաղաղութեան ի սպաս իր կոչը

«Աղօթենք խաղաղութեան համար։ Պէտքը ունինք խաղաղութեան։ Աշխարհը պատերազմի մէջ է։ Չի մոռնանք մարտիրոս Ուքրանիան որ մեծապէս կը տառապի։ Չի մոռնանք Պաղեստինը, Իսրայէլը։ Թոր կասեցուցի այս պատերազմը։ Չի մոռնանք Միանմարը եւ չի մոռնանք պատերազմի մէջ գտնուող շատ մը երկիրները։ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, համաշխարհային պատերազմի այս ժամանակաշրջանին հարկաւոր է աղօթել խաղաղութեան համար»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 22 Մայիս 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, սովորութեան համաձայն տարբեր լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց աշխարհի զանազան վայրերէն հրապարակ գտնուող ուխտաւորներուն ապա իտալացի հաւատացեալներուն ուղղած խօսքէն ետքը յատուկէն ողջունեց հիւանդները, տարեցները, նորապսակներն ու երիտասարդները։

«Թող Սուրբ Հոգին, որուն Եկեղեցւոյ մէջ ներկայութիւնը յիշեցինք Պենտեկոստէի վերջին հանդիսաւոր օրը, միշտ բնակի ձեր սրտերուն մէջ և օգնէ ձեզի ըլլալու հաւատքով զօրեղ, գթութեան մէջ առատաձեռն եւ յարատեւող յոյսին մէջ», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա հրաւիրեց աղօթելու խաղաղութեան համար։

«Աղօթենք խաղաղութեան համար։ Պէտքը ունինք խաղաղութեան։ Աշխարհը պատերազմի մէջ է։ Չմոռնանք մարտիրոս Ուքրանիան, որ մեծապէս կը տառապի։ Չմոռնանք Պաղեստինը, Իսրայէլը։ Թող կանգ առնէ այս պատերազմը։ Չմոռնանք Միանմարը եւ չմոռնանք պատերազմի մէջ գտնուող շատ մը երկիրները։ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, համաշխարհային պատերազմի այս ժամանակաշրջանին հարկաւոր է աղօթել խաղաղութեան համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը- Տիրոջ օրհնութիւնները եւ Տիրամօր հովանին հայցելով բոլոր ներկաներուն վրայ ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու նաեւ իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2024, 10:56