Պրազիլի մէջ Ջրհեղեղ. Քահանայապետին զօրակցութիւնը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Պրազիլի Ռիօ Կրանտէ տօ Սուլ Մարզի մէջ անցեալ օրերուն ահաւոր ջրհեղեղի պատճառած վնասները մեծ են եւ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ողբերգական։ Մինչեւ այժմ զոհերուն թիւը հասաւ 137 մինչ աւելի քան 600 հազար անձինք տեղահան են։
Բոլոր անոնց` որոնք այս ժամերուն կը տառապին այդ աղէտին պատճառաւ Սրբազան Պապին մօտիկութիւնը փոխանցուեցաւ Անոր Փորթօ Ալեկրէ թեմի Արքեպիսկոպոս եւ Պրազիլի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ Գերապայծառ Ժէյմ Սփենկլէրին հետ հաստատած հեռաձայնային կապի միջոցաւ որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը իր զօրակցութիւնը արտայայտած է բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին այս աղէտին պատճառաւ, հաւաստիացնելով նաեւ իր մօտիկութիւնը եւ աղօթքը»
Յայտնենք որ Ֆրանչիսկոս Պապը իր մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը արտայայտած էր նաեւ անցեալ 5 Մայիսի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ապա Առաքելական Ողորմաբաշխութեան գրասենեակի միջոցաւ հարիւր հազար եւրօ տրամադրելով անտուններուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ