Որոնել

2019.06.19 Corpus Domini

Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան Տօնը

Ֆրանչիսկոս Պապը 2 Յունիսին Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Մայր Տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ տօնին նուիրուած սուրբ պատարագը եւ թափօրը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մեր Տիորջ Յիսուս Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, ըստ լատինաց, այս տարի կը զուգադիպի 30 մայիսին, բայց Ֆրանչիսկոս Պապին 2017-ին ոդեգրած որոշումով, տօնակատարութիւնը փոխադրուեցաւ ամենամօտիմ կիրակի օրուայ, եւ այս որոշումի հետեւանքով տօնը պիտի կատարուի յառաջիկայ կիրակի 2 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 5ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի անուան Պազիլիքայի մէջ գլխաւորած Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով, որմէ ետք Ան պիտի հանդիսապետէ նոյն Պազիլիքայէն դէպի Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա ուղղուած Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը։

Այս ըրէք իմ յիշատակիս համար

Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան, Ամենասուրբ Հաղորդութեան տօնը, հաստատուած է նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, երբ Աւագ Հինգշաբթի գիշեր, իր աշակերտներուն հետ ունեցած վերջին ընթրիքի ժամանակ, Ան հաց առաւ, օրհնեց, բեկանեց, յետոյ աշակերտներուն բաժնելով ըսաւ. «Արէք, Կերէք, ասիկա իմ մարմինս է»։ Յետոյ բաժակը առաւ, գոհութիւն յայտնեց, տուաւ աշակերտներուն ըսելով. «Խմեցէք ամէնքդ, ասիկա իմ Արիւնս է. Արիւնը Ուխտին, թափուած բազմութեան մեղքերուն համար»։

Յիսուս ապա հաստատած է. «Ով կ՛ուտէ իմ մարմինս եւ կը խմէ իմ արիւնս, կը բնակի իմ մէջս եւ ես՝ անոր մէջ», (Յովհ. 6, 57): Ահա այս է հաղորդութիւնը՝ միանալ, հաղորդութիւն հաստատել Տիրոջ հետ: Առանց Տիրոջ Մարմինին ու Արեանը մենք ի վիճակի չենք հասկանալու Տիրոջ խօսքն ու կամքը, որովհետև Սուրբ հաղորդութեամբ է, որ մենք Տիրոջ Խօսքը կ՛ընդունինք մեր մէջ։

Տօնին ծագումը

Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, ժամանակին կոչուած էր ''Աստուծոյ Տօն'' եւ առաջին անգամ կատարուեցաւ Պելկիոյ մէջ 1246-ին։ Ուրպանիոս Քահանայապետի օրով` 1264-ին, հաստատուեցաւ որպէս համայն եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուած օր։ Գրիգոր ԺԳ քահանայապետի օրով (1572-1585) սկիզբ առաւ տօնին առթիւ թափօր կատարելու աւանդութիւնը` Հռոմի Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքայէն մինչեւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա։ 1870-ին սոյն աւանդական թափօրի սովորութիւնը դադրեցաւ` եւ միայն 1979-ին է, որ Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ քահանայապետը զայն վերահաստատեց։

Երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Աղաճանեան 1951ին Ասսիզիի մէջ իր արտասանած հոյակապ ճառով «Արեւելեան եկեղեցւոյ հաւատքը Ս. Հաղորդութեան հանդէպ» նիւթին մասին, հաստատած էր, թէ «Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը պերճութեամբ, փաստերու առատութեամբ եւ պայծառութեամբ ուսուցուած է Արեւելքի առաջին դարերու հայրերու կողմէ»։ Այդ ուղղութեամբ Կարդինալը նաեւ մէջբերած էր մեր սուրբ հայրերու հաւատոյ դաւանանքը հանդէպ Ամենասուրբ Հաղորդութեան։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը մկրտելէ ետք հայերու մեծ բազմութիւն մը, ամէնուն բաշխեց Յիսուսի Սուրբ Մարմինն ու թանկագին Արիւնը։ Բոլորիս Փրկչին՝ Քրիստոսի '«Մարմինն ու Արիւնը», որ է կենարար՝ բոլոր մարդերուն, Արարիչ՝ համայն աշխարհի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2024, 07:06