Ձեր մանուկներու կրթութեան առաջին ճարտարապետները դուք էք․ Ֆրանչիսկոս Պապը ծնողներուն
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ուրբաթ՝ 31 Մայիս 2024ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գրաւոր պատգամ մը յղեց Ազատ կրթութեան աշակերտներու ծնողներու ընկերակցութեան (APEL - Association des Parents d’Élèves de l’Enseignement Libre)՝ «Կրթութիւն կեանքի համար» բնաբանով համագումարի մասնակիցներուն։
Նշենք թէ «APEL»ը իր 1,000,000 անդամներով Ֆրանսայի մէջ ծնողներու ամէնէ մեծ ազգային ընկերակցութիւնն է եւ միակն է, որ ճանչցուած է Կաթողիկէ կրթութեան կանոնադրութեամբ:
Գրաւոր պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս իր ուրախութիւնը կ’արտայայտէ կրթական համայնքին ծառայութեան շուրջ քննարկումներուն համար՝ շեշտելով, որ կը միանայ անոնց խորհրդածութիւններուն, քանի որ, կը գրէ Ան, «երիտասարդներն ու ընտանիքները իմ ուշադրութեանս առանցքը կը կազմեն»։
Դպրոցի եւ ընտանիքներու միջեւ ամուր դաշինք՝ գիտելիքի հետ միասին մարդկային և հոգևոր արժէքներ փոխանցելու համար
«Ձեր մանուկներու կրթութեան առաջին ճարտարապետները դուք էք, սակայն այս խնդիրը կը պահանջէ ողջ հասարակութեան օգնութիւնը՝ դպրոցէն սկսեալ» կը շարունակէ Նորին Սրբութիւնը եւ նկատել կու տայ, որ «դպրոցի եւ ընտանիքներու միջեւ ամուր դաշինքը գիտելիքի փոխանցումին հետ միաժամանակ, թոյլ կու տայ մարդկային և հոգևոր արժէքներու փոխանցում»:
Կրթական դաշինք, որ ըստ Քահանայապետին, հնարաւորութիւն է՝ նպաստելու մարդու համապարփակ կրթութեանը՝ աւելի մարդկային աշխարհի կառուցումը ապահովելու համար եւ երաշխաւորելու անոր հոգեւոր հարթութիւնը, ինչը կը նշանակէ՝ «օգնել երիտասարդներուն՝ բացայայտելու Աստուծոյ ծրագիրը իրենցմէ իւրաքանչիւրին համար»:
Առաջընթացի ճամբան դաշինքն է, հանդիպումը ու համագործակցութիւնը
Տարբեր դերեր եւ միասնական նպատակներ ունեցող դպրոց-համայնքը իրական մանրաշխարհ է, որուն առանցքը ծնողներն են եւ անոնց յանձնառութիւնը կրթական համայնքներու ծառայութեան մէջ էական է, կը հաստատէ ապա Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով․
«Առաջընթացի ճամբան դաշինքն է, հանդիպումը ու համագործակցութիւնը», որ «Համապարփակ կրթական դաշինքի հիմնասիւներէն մին է», ուստի անգամ տարբեր կարծիքներու պարագային պէտք է զայն առաջարկել, քանի որ՝ «մարդկային կեանքի սրբազան իմաստի վերաբերեալ կրօնական համոզմունքները մեզի թոյլ կու տան ճանչնալ ընդհանուր մարդասիրութեան հիմնարար արժէքները, յանուն որոնց կարող ենք եւ պէտք ենք համագործակցիլ, կառուցել եւ երկխօսիլ, ներել եւ աճիլ՝ թոյլ տալով բոլոր բազմազան ձայներուն ձեւաւորել վեհ եւ ներդաշնակ նուագ» (Fratelli tutti, n. 283):
Դպրոց-համայնքը դարձնել կեանքի իրական դպրոց
Նորին Սրբութիւնը կ’անդրադառնայ նաեւ արհեստական բանականութեան առաջադրած մարտահրաւէրներուն, որ կը յեղափոխէ սեփական մտածելակերպը, եւ ասկէ մեկնելով կը հաւաստիացնէ՝ «Եկեղեցին ձեր կողքին է»՝ այդ մարտահրաւէրները միասին դիմագրաւելու նպատակով՝ ընդգծելով այդ հարցին մէջ զատորոշումի կարեւորութիւնը
Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամը կ’աւարտէ մաղթելով, որ «Կրթութիւն յանուն կեանքի» նիւթով մտորումները առաջնորդեն դպրոց-համայնքը դարձնել կեանքի իսկական դպրոց եւ իր օրհնութիւնը կը բաշխէ Համագումարի մասնակիցներուն, անոնց ընտանիքներուն եւ կրթական համայնքներուն վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ