Իրական գեղեցկութիւնը կ’արտացոլայ Աստուծոյ կերպարը․ Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
23 Մայիս 2024ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Փրոֆեսոր Իվօ Փիթանկույի շրջանաւարտներու ընկերակցութեան Վիրաբուժութեան Համաժողովի (AEXPI) մասնակիցներուն, որ տեղի պիտի ունենայ ի Հռոմ Մայիս 24-25, «Երբ գիտութիւնը կը հանդիպէ գեղեցկութեան» բնաբանով։
Նշենք, թէ Փրոֆեսոր Իվօ Փիթանկույը աշխարհի ամէնէ յայտնի կերպընկալ (փլասթիք) վիրաբոյժներէն եղած է, որ մահացած է 2016 թուականին՝ 93 տարեկանին։
Վիրաբոյժներուն ուղղած իր պատգամին սկիզբը Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց՝ «բազմաթիւ հիւանդ մանուկներու դէմքերուն ժպիտ պատկերելու համար։ Ապա նկատել տուաւ, որ որպէս մարդ, բժիշկ եւ քրիստոնեայ, պէտք է արտացոլել գեղեցկութիւն մը, զոր կարելի չէ ընկալել մարմնային աչքերով, զոր ենթակայ չէ նորաձեւութեան, մշակոյթի, կերպարանքի ծրագրաւորուած վաճառականութեան միտումներուն, այլ՝ կը կապուի մարդու ճշմարտութեան, անոր ամենէ ներքին էութեան հետ, որ մենք չենք կրնայ այլանդակել։
Սրբազան Քահանայապետը շարունակեց Սուրբ Պօղոսի խօսքերով․ «Եւ մենք ամէնքս, որ բաց երեսով կը ցոլացնենք իբրեւ հայելիին մէջ՝ Տիրոջ փառքը, կը նորոգուինք նոյն պատկերին համաձայն (Բ․ Թուղթ Կորնթացիներու, 3։18)», ուստի Պապը յորդորեց` որ ճիշտ այդ խոր ճշմարտութիւնը առաջնորդէ անոնց ձեռքերը՝ որպէսզի աշխարհ բերեն Աստուծոյ պատկերը, որ դրոշմուած է իւրաքանչիւր մարդու մէջ, բարի գործերու եւ սիրոյ մէջ:
Սուրբ Գիրքը Յիսուսը մեզ կը ներկայացնէ միաժամանակ իբրեւ «մարդու որդիներուն ամէնէն գեղեցիկը» (Սաղմոս 45։3) և որպէս մէկու մը՝ տառապանքի պատճառաւ այնքան կերպարանափոխուած եւ «անչքացած (…), որ կը տարբերի մարդկանց որդիներէն» (Եսայի 52։14), յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը եւ եզրափակեց․ «Այս յարակարծութեան մէջ Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ Իր իսկական պատկերը եւ՝ մերը, որ կ’անցնի խաչի ճանապարհով, մեր փոքրութիւնը ընդունելով, որպէսզի հասնենք յաւիտենական փառքի, յոյսի, որ չի հիասթափեցներ, ոչ ալ կը թառամէ (հմմտ Ա Թուղթ Կորնթացիներու, 9:25):
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ