Որոնել

Հնագրագիտութեան, Դիւանագիտութեան եւ Արխիւագիտութեան Դպրոցի  140ամեակ եւ Գրադարանագիտութեան Դպրոցի 90ամեակ Հնագրագիտութեան, Դիւանագիտութեան եւ Արխիւագիտութեան Դպրոցի 140ամեակ եւ Գրադարանագիտութեան Դպրոցի 90ամեակ  (Vatican Media)

Չբացառել որեւէ մէկը գիտելիքի աղբիւրներէն․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը այսօր ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի Հնագրագիտութեան, Դիւանագիտութեան եւ Արխիւագիտութեան Դպրոցի եւ Գրադարանագիտութեան Դպրոցի ուսուցիչներուն եւ ուսանողներուն՝ այդ ուսումնական հաստատութիւններու հիմնադրումին համապատասխանաբար 140ամեակի եւ 90ամեակի առթիւ։
Ունկնդրէ Քահանայապետի այս եւ այլ հանդիպումներու հայող լուրերը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երկուշաբթի՝ 13 Մայիս 2024ին Քլեմենթինա դահլիճէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի Հնագրագիտութեան, Դիւանագիտութեան եւ Արխիւագիտութեան Դպրոցի եւ Գրադարանագիտութեան Դպրոցի ուսուցիչներուն եւ ուսանողներուն, այս ուսումնական հաստատութիւններու հիմնադրումին համապատասխանաբար 140ամեակի եւ 90ամեակի առիթներով։

«Ստուգութեամբ հետամուտ ըլլալ ամէն բանի», ճշմարտութեան հասնելու համար

«Կարեւոր է Ձեր առաջադրանքը՝ նպաստել եւ աջակցիլ, բոլոր անոնց, որոնք կ’որոշեն «ստուգութեամբ հետամուտ ըլլալ ամէն բանի», ճշմարտութեան հասնելու համար (հմմտ․ Ղուկաս 1.3-4), ըսաւ անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը Սրբազան Պապը՝ յղում կատարելով Ղուկաս Աւետարանիչի խօսքերուն։

Ծառայութիւն, որ ուղղուած է «իսկապէս ուսուցումի ամուրութեան՝ քրիստոնէական եւ մարդկային իմաստով» եւ «ամուրութիւն, որ այնքան անհրաժեշտ է լրատուական ժամանակներու մէջ, ուր լուրերը յաճախ կը տարածուին առանց ստուգումներ եւ հետազօտութիւններ կատարելու», շեշտեց այնուհետեւ Նորին Սրբութիւնը։

Պաշտպանել բոլորը այն ամենէն, որ թունաւոր, անառողջ եւ բռնի է

Ան միաժամանակ խրախուսեց գիտակցիլ, որ դարի վճռական մշակութային մարտահրաւէրներուն առջեւ երբեք պէտք չէ գոհանալ ձեռք բերուած արդիւնքներով եւ թուարկեց այդ մարտահրաւէրներէն որոշները՝ «համաշխարհայնացումի հետ կապուած խնդիրներ, գիտելիքի արժեզրկման վտանգ, արհեստագիտութեան հետ միշտ աւելիով բարդ յարաբերութիւններ, մշակութային աւանդոյթներու մասին մտորումներ, որոնք պէտք է մշակուին եւ առաջարկուին առանց փոխադարձ արտադրումներու, երբեք չբացառել որեւէ մէկը գիտելիքի աղբիւրներէն եւ, միեւնոյն ատեն, պաշտպանել բոլորը այն ամէնէն, որ թունաւոր, անառողջ եւ բռնի է եւ, որ կրնայ թաքնուիլ ընկերային լրատուամիջոցներու և արհեստագիտական գիտելիքներու աշխարհի մէջ»:

Սրբազան Հայրը ընդգծեց, ապա որ նման իրավիճակներէն ներս անհրաժեշտ է որ՝ ըլլայ ուսուցիչներու, ըլլայ ուսանողներու ուսումնասիրութիւնները իսկապէս կարողանան չափուիլ այսօրեայ մարդոց փխրունութեան ու հարստութեան հետ։

Առարկայականութիւնն ու բացութիւնը

Ան շարունակեց շեշտելով երկու Դպրոցներուն բնորոշող յատկանիշները․ նախ՝ խնդիրներուն ու ուսումնասիրութիւններուն հանդէպ գործնական եւ առարկայական մօտեցումը՝ կրկնելով տարբեր առիթներով հնչեցուցած իր միտքը թէ՝ «իրականութեան հետ առնչուիլը աւելին կ՛արժէ, քան գաղափարախօսութիւնը»։

Երկրորդ՝ ուղղակիօրէն Արխիւի ու Գրադարանի դարաւոր ժառանգութենէն գիտելիք քաղելու արտօնութիւնը, որ խթան է՝ մտաւոր եւ մարդկային առումով բացութեան համար։

Ասկէ մեկնելով, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ի վերջոյ մաղթեց, որ ճիշտ այդ առարկայականութիւնն ու բացութիւնը առաջնորդեն զանոնք ապագայ ճամբորդութեան ընթացքին՝ վճռական ուղեցոյց դառնալով վատիկանեան երկու Դպրոցներուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2024, 12:16