Ֆելլինիի «Ճամբան» շարժապատկերը մնացած է իմ սիրտիս մէջ․ Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Իմ մանկութեանս տարիներուն Ֆելլինիի շատ շարժապատկերներ դիտած եմ, բայց «Ճամբան» մնացած է իմ սիրտիս մէջ: Այդ շարժապատկերը կը սկսի արցունքներով եւ կ’աւարտի արցունքներով, կը սկսի ծովու ափին եւ կ’ աւարտի ծովու ափին: Սիրտիս մէջ, սակայն, մնացած է փոքրիկ քարով խենթի տեսարանը, որ այդ աղջկայ կեանքին իմաստ կը հաղորդէ։ Ուրախ եմ, որ տեղի կ’ունենայ այս ոգեկոչումը։ Շնորհակալութիւն»։
Այս խօսքերը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին լսատեսողական պատգամին խօսքերն են, զոր Ան յղեց այսօր՝ 2 Մայիսին Ֆետերիքօ Ֆելլինիի «La strada - Ճամբան» շարժանկարի 70ամեակին առթիւ , որ պիտի յիշուի Ռիմինիի մէջ կազմակերպուած Շարժապատկերի Տօնի ծիրէն ներս (2-5 Մայիս)։ Նորին Սրբութիւնը նկատի ունի լարախաղաց եւ ջութակահար «Խենթի» երկխօսութեան տեսարանը Ճելսոմինային հետ՝ փխրուն աղջիկ մը, որ կ’աշխատի կոպիտ եւ դաժան աճպարար Ծամփանոյին հետ եւ կը տանջուի անոր վիրաւորանքներէն եւ վատ վերաբերմունքէն։
Կեանքին մէջ ամէն բան իմաստ ունի
Խենթը Ճելսոմինային կը բացատրէ, որ կեանքի մէջ ամէն բան կարեւոր է եւ իմաստ ունի։ Ահաւասիկ այդ երկուքի միջեւ երկխօսութիւնը.
Խենթ․ «Ես տգէտ եմ, բայց որոշ գիրքեր կարդացած եմ։ Դուն չես հաւատար, բայց այս աշխարհին մէջ ամէն ինչ բանի մը օգտակար է։ Ահա, օրինակ վերցուր այդ քարը»։
Ճելսոմինա. «Ո՞ր մէկը»:
Խենթ․ «Այս... Որեւէ մէկը... այս ալ օգտակար է բանի մը համար՝ նաեւ այս փոքրիկ քարը»։
Ճելսոմինա. «Ինչի՞ն »:
Խենթ․ «Օգտակար է… ի՞նչ գիտնամ: Եթէ իմանայի, գիտե՞ս, ով կ’ըլլայի»։
Ճելսոմինա. «Ո՞վ»:
Խենթ․ «Երկնաւոր Հայրը, որ ամէն բան գիտէ՝ երբ կը ծնինք, երբ կը մեռնինք: Ես չեմ գիտեր, թէ ինչի համար է այս քարը, բայց բանի մը պէտք է ծառայէ։ Որովհետև, եթէ անօգուտ է, ապա ամէն բան անօգուտ է, նոյնիսկ աստղերը: Եւ դուն ալ, դուն ալ բանի մը օգտակար էս՝ քու կանկառ գլուխով»։
Ուղղակի անդրադարձ Սուրբ Ֆրանչիսկոսին
Սրբազան Քահանայապետը առաջին անգամը չէ, որ կը յիշատակէ այս շարժանկարը՝ դեռեւս 2013ին՝ Քահանայապետ ընտրուելէն քանի մը ամիս ետք, Յիսուսեաններու Չիվիլթա Քաթթոլիքա պարբերաթերթի ղեկավար Հայր Անթոնիօ Սփատարոյին տուած հարցազրոյցի ատեն ըսած էր. «Ֆելլինիի «Ճամբան» թերեւս այն շարժանկարն է, որ ամենէ շատ սիրեցի։ Ես ինձ կը նոյնացնեմ այդ շարժանկարին հետ, ուր ուղղակի անդրադարձ կայ Սուրբ Ֆրանչիսկոսին»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ