«Աղօթեցէք միշտ, աղօթեցէք յատկապէս խաղաղութեան համար, որպէսզի պատերազմները դադրին» Քահանայապետը` մանուկներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 26 Մայիս 2024ի առաւօտեան ժամը 10,30ին, Սուրբ Երրորդութեան տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Մանուկներու առաջին համաշխարհային օրուան եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը մատուցեց, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին յիսուն հազարէ աւելի մանուկներ։ Համաշխարհային այս առաջին Օրը ունեցած էր այլ կարեւոր հաւաք` որ տեղի ունեցաւ երէկ շաբաթ 25 մայիսի յետմիջօրէին, Հռոմի «Օլիմփիքօ» մարզադաշտին մէջ, յիսուսն հազար մանուկներու մասնակցութեամբ, ու գլխաւորութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին, որ զրուցեց անոնց հետ պատասխանելով նաեւ իրեն ուղղուած զանազան հարցումներուն ու մաղթելով որ այս Մանուկներու համաշխարհային օրը խթան ըլլայ խաղաղութեան, եղբայրութեան ու յատկապէս պատգամ մեծահասակներուն, որպէսզի գործեն ի սպաս աւելի լաւ ապագայի։
Պատարագը սկիզբ առաւ թափօրով, որուն սկիզբը Սրբազան Պապը նշելով որ «այստեղ կը գտնուինք բոլորս հրաւիրուած Յիսուսէն, կ՛ուզենք ունկնդրել Անոր Խօսքը, մասնակցիլ անոր սեղանին, շնորհակալութիւն յայտնել Անոր ամէն այն բաներուն, որ մեզի կը պարգեւէ, եւ աղօթել համայն աշխարհին համար, յատկապէս աղօթել խաղաղութեան համար» ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով, որ «այս ընելու համար պէտք է նախ եւ առաջ ներողութիւն հայցենք Աստուծմէ, մեր մեղքերուն համար, որպէսզի մեր սիրտը պատրաստ ըլլայ զայն ընկալելու»։
Սուրբ Գրային ընթերցումներէն ետքը Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզը կեդրոնացուց օրուան տօնակատարութեան Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդին վրայ, ու քարոզը ներկայացուց երկխօսութիւն մը հաստատելով մանուկներուն հետ։
Քարոզին սկիզբը Սրբազան Պապը նշեց` թէ «այստեղ կը գտնուինք աղօթելու համար, աղօթել միասին, աղօթել Աստուծոյ, համաձա՞յն էք» հարց տուաւ Սրբազան Պապը, այո պատասխանեցին մանուկները, եւ ան շարունակեց «աղօթել Աստուած Հայր, Աստուած Որդի եւ Աստուած Սուրբ Հոգի», «Քանի Աստուած են» հարց տուաւ Ֆրանչիսկոս «Մէկ Աստուած երեք անձերով», Հայրը որ մեզ բոլորս ստեղծեց, որ մեզ կը սիրէ անհուն կերպով, եւ երբ Հայր Աստուծոյ աղօթենք ո՞րն է արտասանելիք աղօթքը, «Հայր մերը» պատասխանեցին մանուկները։ Իսկ ո՞րն Որդիին անունը, հարց տուաւ միշտ Սրբազան Պապը եւ Մանուկները պատասխանեցին «Յիսուս»։ Մենք կ՜աղօթենք անոր որպէսզի մեր մօտ ըլլայ ու երբ Սուրբ Հաղորդութեան կը մօտենանք մենք Յիսուսը կ՛ընդունինք, եւ Յիսուս կը ներէ մեր բոլոր մեղքերը։ «Յիսուս միշտ կը ներէ մեղքերը» հարց տուաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը մանուկներուն եւ անոնք պատասխանեցին «այո»։ «Միշտ կը ներէ» պնդեց Սրբազան Պապը, «այս միշտ» արձագանգեցին մանուկները։ «Նոյնիսկ ամենամեղաւոր մարդը», շարունակեց Քահանայապետը, եւ անոնք պատասխանեցին «այո» եւ Ան աւելցուց «շիտակ է Ան միշտ կը ներէ, մեզի կ՛իյնայ ներում հայցել, չի մոռնանք այս մէկը»։
Ան ապա հարց տուաւ «ո՞վ է Սուրբ Հոգին» ու նշեց թէ մենք Սուրբ Հոգին կ՛ընդունինք Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդով, Ան մեզի կ՜ընկերանայ մեր կեանքին մէջ...Ան է որ մեր սրտին կը հաղորդէ բարի բաները զոր պէտք է կատարենք...Եւ երբ չար արարք մը կատարենք մեզ կը յանդիմանէ ներքնապէս։ Սուրբ Հոգին մեզի ուժ կու տայ, մեզ կը մխիթարէ դժուարութիւններու ընթացքին», ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը ապա հաստատեց, որ մենք ուրախ ենք որովհետեւ կը հաւատանք, հաւատքը մեզ ուրախ կը դարձնէ։ Կը հաւատանք Աստուծոյ, Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով մանուկները կրկնելու «Հայր, որդի եւ Սուրբ Հոգի»։
Հայր Աստուած մեզ ստեղծեց, Որդին մեզ փրկեց, եւ Սուրբ Հոգին մեզի կ՜ընկերանայ, ըսաւ Քահանայապետը ապա հաստատեց որ քրիստոնեաներս ունինք Մայր մը, ի՞նչպէս է անոր անունը. Մանուկները «Մարիամ»։ Դուք գիտէք աղօթել Մարիամին։ Այո։ Միասին աղօթենք ուրեմն, ըսաւ Սրբազան Պապը ու մանուկներու մասնակցութեամբ աղօթեց «Ողջոյն քեզ Մարիամ...» աղօթքը որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը գնահատեց զանոնք ու Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցեց անոնց վրայ խնդրելով` որ անոնք աղօթեն, մեծահասակներուն համար, ծնողաց համար, մեծ մամիկ պապիկներուն համար, ու նաեւ հիւանդ մանուկներուն համար...«աղօթեցէք միշտ ու աղօթեցէք յատկապէս խաղաղութեան համար, որպէսզի պատերազմները դադրին» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզի աւարտին։
Սուրբ Զոհի աւարտին Նորին Սրբութիւնը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն ետք անգամ մը եւս հրաւէր ուղղեց մանուկներուն աղօթելու խաղաղութեան համար ապա իր ողջոյնները տանելու իրենց բարեկամներուն ու ծանօթներուն ու նաեւ իրենց պապիկ մամիկներուն։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Օրուան կազմակերպիչներուն եւ հրաժեշտ առաւ մանուկներէն ըսելով. «Սիրելի մանուկներ ցտեսութիւն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ