Որոնել

2024.05.25 Direttori Nazionali delle Pontificie Opere MIssionarie

Հաղորդութիւն, ստեղծագործութիւն եւ հաստատակամութիւն առաքելութեան բանալի-բառեր. Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապը ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Քահանայապետական Միսիոներական Գործունէութիւններու տարեկան Լիագումար Նիստի մասնակիցներուն
Ունկնդրէ Քահանայապետի այսօրուայ գործունէութեան հայող այս եւ այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 25 Մայիս 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Քահանայապետական Միսիոներական Գործունէութիւններու տարեկան Լիագումար Նիստի մասնակիցներուն որոնք Հռոմ ժամանած են հինգ ցամաքամասերէ եւ աւելի քան 120 երկիրներէ։

Այս առիթով ուղղած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշելով թէ կը գտնուինք Ամենասուրբ Երրորդութեան տօնի նախօրեակին խօսքը կեդրոնացուց աստուածային առաքելութեան հիմնական երեք յատկանիշներուն վրայ` հաղորդութիւն, ստեղծագործութիւն եւ հաստատակամութիւն հրաւիրելով խորհրդածել այս «բանալի-բառերուն» վրայ որոնք, ըսաւ Ան «տակաւին այժմէական են մշտական առաքելութեան մէջ գտնուող Եկեղեցւոյ համար, և առաւել եւս մեր միսիոներական աշխատանքներուն համար, որոնք այժմ կոչուած են նորոգուելու` աւելի ազդու եւ արդիւնաւէտ ծառայութեան մը համար»:

Հաղորդութիւն

Քահանայապետը խօսեցաւ առ այդ հաղորդութեան մասին ակնարկելով Սուրբ Երրորդութեան սիրոյ խորհուրդին վրայ հիմնուած հաղորդութեան ու մատնանշելով որ քրիստոնէական առաքելութիւն կը կայանայ ամենէն առաջ թոյլ տալու որ անձերը որոնք կը հանդիպինք փորձարկեն Աստուծոյ սիրոյ փորձառութիւնը փոխանցելով նաեւ երրորդութեան խորհուրդին շողը։ Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը կարեւոր նկատեց հաստատութիւններուն կանոնագիրքերու նորոգումը ու անոնց պատշաճեցումն ու թարմացումը, հիմնուելով նաեւ «սիւնհոդոսական» ոճին վրայ` որ է «քալել միասին, ունկնդրել զիրար, երկխօսել, ու նաեւ վիճաբանիլ միասին , բայց միշտ հասարակութեան մէջ» յարեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով չի կեդրոնանալ այս կամ այն առաքելութեան վրայ այլ աշխարհի բոլոր առաքելութիւններուն վրայ

Ստեղծագործութիւն

Ակնարկելով երկրորդ բանալի բառին` ստեղծագործութեան, Սրբազան Պապը նշեց որ «Սուրբ Հոգին ամէն ինչ նոր կը դարձնէ» ու մենք եւս մասնակից ենք Աստուծոյ ստեղծագործական ծրագրին։ «Այնտեղ ուր Սուրբ Հոգին կայ, կայ ազատութիւն» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը յղում կատարելով Սուրբ Պօղոսին Կորընթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակին ու հաստատելով թէ Սուրբ Հոգին է որ մեզի ազատութիւն կը պարգեւէ ու թէ պէտք է այնպէս ընենք` որ մեզմէ չի խլեն այդ ազատութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը նշեց ապա թէ աւետարանական ստեղծագործութիւնը կը ծնի սէրէն, աստուածային սէրէն, ու թէ «իւրաքանչիւր միսիոներական գործունէութիւն կը դառնայ ստեղծագործ այն չափով, որով անոր սկիզբը Քրիստոսի սէրն է, ու է նաեւ անոր ձեւը եւ նպատակը»։

Հաստատակամութիւն

Երրորդ բանալի բառը հաստատակամութիւն էր, որուն մասին անդրադառնալով Քահանայապետը նշեց թէ այս մէկն ալ կարելի տեսնել Երրորդութիւն Աստուծոյ Սիրոյ մէջ, որ «փրկութեան ծրագիրը իրականացնելու համար, պատմութեան ընթացքին ուղարկեց իր ծառաները եւ ժամանակներու լրումին պարգեւեց ինքզինք Յիսուսի միջոցաւ»։ Այդպիսով աստուածային առաքելութիւնը կը կայանայ «երթալ դէպի մարդկութիւնը զայն հրաւիրելու համար Աստուծոյ հետ հանդիպումին ու հաղորդութեան»...ասոր համար է նաեւ որ Եկեղեցին պիտի շարունակէ երթալ սահմաններէն անդին, դուրս գալ ու դժուարութիւններուն դիմաց չվհատելով հաւատարիմ կերպով կատարել Տիրոջմէ ստացած իր առաքելութիւնը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը շեշտելով որ այդ առաքելութիւնը պէտք է կատարուի մինչեւ մարտիրոսութիւն, ինչպէս պատահեցաւ բազմաթիւ «միսիոնարներու» որոնք ի գին կեանքին պաշտպանեցին իրենց հաւատքը։

Թիկունգ կանգնիլ մէկը միւսին

Ճառին աւարտին Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց ներկաները յառաջ ընթանալու վճռակամութեամբ ու հաստատակամութեամբ, հակառակ խոչընդոտներուն, անկումներուն ու մարտահրաւէրներուն, թիկունք կանգնելով մէկը միւսին, ձեռք ձեռքի տալով ու նայելով դրական երեւոյթներուն, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, «անձնուիրութեամբ ու վեհանձնութեամբ խթանելու համար հաւատացեալներու միսիոներական պատասխանատուութիւնը» եւ անոնց վրայ հայցեց Սուրբ Կոյսի հովանին օրհնելով ու խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2024, 11:27