Որոնել

2024.05.13 Comunità Monastica dell'Abbazia di Montevergine

Դուք ձեզ պարգև դարձուցէք Աստուծոյ համար, որպէսզի ըլլաք Աստուծոյ պարգև

Մոնթեվերճինէ Աբբայութեան հասարակութիւնը Քահանայապետին մօտ
Ունկնդրէ Քահանայապետի այս եւ այլ հանդիպումներու հայող լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 13 Մայիս 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը ի միջի այլոց ունկնդրութիւն շնորհեց Մոնթեվերճինէ Աբբայութեան հասարակութեան` Աբբայարանի հիմնադրութեան իննհարիւր ամեակին առիթով` որ տեղի ունեցած է 1124 Սուրբ Կուելիելմօ տա Վերչելլիի նախաձեռնութեամբ։

Ունկնդրութեան ընթացքին ներկաներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց Աբբայարանի հիմնադրութեան պատմութեան ու մասնաւորապէս այնտեղ ապրող հոգեւորականներու առաքելութեան այն է Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերով «պարգև դառնալ Աստուծոյ համար, որպէսզի ըլլան Աստուծոյ պարգև»։

Պարգև դառնալ Աստուծոյ համար

Սրբազան Պապը խօսքը կեդրոնացուց այս երկու իրականութիւններու վրայ նախ խօսելով Աստուծոյ համար պարգեւ դառնալու մասին։ Այս մէկը կրօնաւորական կոչումին իմաստն է, որ որեւէ արարքի որպէս հիմք ունի Աստուծոյ գործը այսինքն աղօթքը, որուն Սուրբ Պենետիկտոս կը խրատէ ոչ մէկ բան չի գերադասել», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով «Madonna di Montevergine» սրբավայրին, որ կը գտնուի բարձունքի մը վրայ եւ տեսանելի է Իրփինիա քաղաքի բոլոր կողմերէն եւ ուր հաւատացեալները կը փութան մխիթարութիւն եւ յոյս գտնելու։

Աստուծոյ համար պարգեւ դառնալը կը նշանակէ աղօթել, որպէսզի սրբավայրի Տիրամօր նման դուք ալ ունենանք բարի ու մեծ աչքեր, ցոյց տալու համար ձեր սրտին մէջ գտնուող Տէրը», ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ Բ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին այնտեղ գաղտնի կերպով հիւրընկալուած ու պահպանուած Յիսուսի Վարշամակի մասին այս առնչութեամբ հաստատելով որ այս ալ մաս կը կազմէ ձեր կոչումին` պահպանել ձեր մէջ գտնուող Քրիստոսին պատկերը ու զայն տանիլ եղբայրներուն»։

Ըլլալ Աստուծոյ պարգև

Աստուծոյ պարգեւ ըլլալու մասին խօսելով Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ այս կը նշանակէ նուիրուիլ վեհանձնութեամբ անոնց որոնք կը ժամանեն աբբայարան, որպէսզի մօտենալով Խոստովանանքի եւ Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդներուն իրենց զիրենք զգան ընկալուած աղօթքի եւ ուշադրութեան մէջ, ու տարուած Աստուածամօր հովանիին տակ։

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց առ այդ աբբայարանի հասարակութիւնը ըլլալու Աստուծոյ ներկայութեան շօշափելի նշաններ զգուշացնելով զանոնք աշխարհի մտայնութեան թիրախ չի դառնալէ այլ թոյլ տալ անընդհատ կերպարանափոխուիլ Աստուծոյ կողմէ՝ նորոգելով իրենց սիրտը և աճելով Անոր մէջ (տես Հռոմ. 12.2), որպէսզի բոլոր անոնք, որոնք իրենց մօտ կ՛երթան լոյսի փնտռտուքով յուսախաբ չմնան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2024, 11:20