Սրբազան Պապը կը հանդիպի Քահանայութեան 10րդ տարին նշող քահանաներուն հետ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր 29 Մայիս 2024ի ժամը 15.30ին Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի այցելէ Հռոմի «Suore Pie Discepole del Divin Maestro» Տունը ուր պիտի հանդիպի Քահանայութեան մինչեւ 10րդ տարին նշող քահանաներուն հետ» Լուրը կը հաղորդէ Հռոմի թեմի լրատուական գրասենեակը նշելով նաեւ, թէ հանդիպումին պիտի մասնակցին ինիսունի մօտ քահանաներ, ու Հռոմի Թեմի տեղակալ Եպիսկոպոսի փոխանորդը` Գերապ. Պալտօ Ռէյնա ինչպէս նաեւ Գերապայծառ Միքելէ Տի Թոլվէ, որ պատասխանատուն է սարկաւագութեան, կղերի ու կրօնաւորական կեանքի հոգատարութեան գրասենեկային։
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, թէ անցեալ 14 Մայիսին կայացած Հռոմի Թեմի աւելի տարեց քահանաներու հետ հանդիպումէն ետքը, Սրբազան Քահանայապետը 11 Յունիսին եւս պիտի հանդիպի Քահանայութեան 11էն 39 տարին նշող խումբ մը այլ քահանաներուն հետ` Սալեզեաններու Համալսարանի պաշտօնական դահլիճէն ներս։
«Այս ժամադրութիւնը կը հաստատէ Սրբազան Պապին ուշադրութիւնը քահանաներու նկատմամբ, - կը նշէ այս առիթով Ռէյնա եպիսկոպոսը, աւելցնելով որ ասիկա «Ուշադրութեան շատ գեղեցիկ նշան է, հովուական ու գոյութենական բնոյթի հարցեր լսելու ու քննարկելու վերաբերմունք»։ Ունկնդրութեան ու երկխօսութեան պահ մը ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ