Ֆրանչիսկոս Պապ. Հեշտամահութիւնը սիրոյ ձախողութիւն է, կեանքի աւարտին մէջ խթանել արժանապատուութիւնը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց "Towards a Narrative of Hope: An International Interfaith Symposium on Palliative Care» Ամոքիչ դեղերու խնամքի նուիրուած առաջին համագումարի մասնակիցներուն՝ կեանքի քահանայապետական կաճարի եւ Քանատայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի համատեղ կազմակերպութեամբ:
Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ համագումարի «Դէպի յոյսի պատմութիւն» նիւթին նշելով, որ այս նիւթը այժմէական ու հրամայական է , «յոյսն է, որ մեզի ուժ կու տայ դիմակայելու համար մարտահրաւէրներու, դժուարութիւններուն հարցերը եւ կեանքի մտահոգութիւնները», ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա շարունակելով խօսիլ յոյսի մասին, անդրադարձաւ կեանքը վերջ տուող ծանր հիւանդութիւններուն եւ ամոքիչ դեղերու մասին ընդգծելով, որ բոլոր անոնք որոնք կը տառապին կեանքը խաթարող հիւանդութիւններէն կարիքը ունին յոյսի վկայութեան ինչպէս նաեւ շօշափելի մօտիկութեան: « Այսպիսի հոգատարութիւն կ՝օգնէ հիւանդներուն ու անոնց սիրելիներուն, ընդունելու խոցելիութիւնը, փխրունութիւնե եւ վերջաւորութիւնը, որոնք կը բնութագրեն մարդկային կեանքը՝ այս աշխարհին մէջ» ըսաւ Սրբազան Հայրը:
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտեց որ ամոքիչ դեղերու խնամքը արմատապէս տարբեր է հեշտամահութենէ ու այս վերջինը «երբեք յոյսի աղբիւր չէ, ոչ իսկ իսկական մտահոգութիւն հիւանդներուն հանդէպ, դա սիրոյ ձախողութիւն է, «թափօն մշակոյթի» արտացոլումն է, ուր մարդիկ չեն համարուիր որպէս հիմնական արժէք, որոնց պէտք է հոգ տանիլ: (Fratelli tutti, 18):
Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ ամոքիչ դեղերը կարեկցանքի իսկական ձեւ մըն է, որովհետեւ կ՝արձագանգէ տառապանքին՝ ըլլայ ֆիզիկական, հոգեբանական, հոգեւորական, հաստատելով իւրաքանչիւր մարդու հիմնական եւ անձեռնմխելի արժանապատուութիւնը, յատուկէն մահամերձներուն, օգնելով զանոնք ընդունելու դէպի յաւիտենական այլ կեանք անցնելու անխուսափելի պահը:
Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց համագումարի մասնակիցներուն մատուցած ծառայութիւնը, որ կը կայանայ մահամերձ հիւանդներուն օգնելու մէջ, անոնց կեանքը չկղզիացնելու, ու նկատել տալու որ ծանրութիւն չեն այլ Աստուծոյ աչքերուն առջեւ թանկարժէք անձեր: Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց հայցելով բոլորին վրայ Աստուածային իմաստութեան, ուժի եւ խաղաղութեան օրհնութիւնը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ