Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ Աստուած կը ողբայ մարդու արժանապատուութեան դէմ չարաշահումներու համար

Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Նորոգել աննորոգելին» վերնագիրով համագումարի մասնակիցները, կազմակերպուած Paray-le-Monial մէջ Յիսուսի յայտնութիւններուն 350 րդ տարեդարձին առթիւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 4 մայիսին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Նորոգել աննորոգելին» վերնագիրով համագումարի մասնակիցները, կազմակերպուած Paray-le-Monial մէջ Յիսուսի յայտնութիւններուն 350 րդ տարեդարձին առթիւ։

Ներկաներուն փոխանցած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Աստուածաշունչին մէջ նորոգութեան գաղափարին նշելով, «նորոգութիւնը Սուրբ գիրքին մէջ կը ստանայ կատարուած չարիքի փոխհատուցման ընկերային հարթութիւնը դէպք՝ զոր կը գտնենք Մովսէսին օրէնքին մէջ, ուր կը նախատեսէր գողցուածի վերադարձը կամ ալ պատճառուած վնասին վերանորոգումը։ Սա արդարադատութեան արարք է, ուղղուած ընկերային կեանքի պաշտպանութեան» ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Անդրադառնալով ապա Նոր կտակարանի մէջ վերանորոգումի իմաստին, նորին Սրբութիւն նշեց, որ անիկա կը ստանայ հոգեւոր գործընթացի ձեւ, Քրիստոսի բերած փրկագործութեան շրջանակէն ներս։ Վերանորոգումը լիովին կը յայտնուի Խաչին զոհաբերութեան մէջ։ Նորութիւնը այն է, որ անիկա կը յայտնէ Տիրոջ ողորմածութիւնը մեղաւորին նկատմամբ։ Վերանորոգումը կը նպաստէ ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան ինչպէս նաեւ Աստուծոյ միջեւ հաշտութեան, որպէսզի ուրիշին դէմ գործուած չարիքը նաեւ Աստուծոյ հանդէպ վիրաւորանք է» ըսաւ Ան։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ համագումարին վերնագիրին նշելով, որ այդ վերնագիրը կը միաւորէ երկու հակադիր արտայայտութիւններ «Նորոգել աննորոգելին» դիտել տալով, որ դա մեզ կը հրաւիրէ յուսալու, որ ամէն վէրք կրնայ բուժուիլ, նոյնիսկ եթէ խորունկ է ։ Նորոգումը քրիստոնէական ըլլալու, վիրաւորուած անձին դպչելու համար եւ փոխադարձ արդարադատութեան պարզ արարք չ՝ըլլալու համար, կ՝ենթադրէ երկու պահանջներ, «ընդունիլ մեղքը եւ ներում խնդրելըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Մեեղքը ճանչնալ, այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ որեւէ մարդկային եւ հոգեւոր նորոգում կը սկսի սեփական մեղքին ճանչնալով։ Եղբօրը հասցուած վնասի այս գիտակցումով եւ այն անկեղծ զգացումով, որ սէրը վիրաւորուած է, որ կը ծնի վերանորոգելու փափաքը։

Ներում խնդրել

Ներումո խնդրել՝ կատարուած չարիքի խոստովանութիւն է, ըսաւ Սրբազան Հայր օրինակ բերելով Անառակ որդիէն, որ հօր կ՝ըսէ, մեղք գործեցի երկինքի եւ քու դէմդ։ Ներում խնդրել կը վերաբանայ երկխօսութիւնը եւ կը յայտնէ վերականգնել եղբայրսիրութեան մէջ կապը։ Վերանորոգումը կ՝երաշխաւորէ ներումի խնդրանքի իսկութիւնը, կ՝արտայայտէ իր խորութիւնը, անկեղծութիւնը, կը յուզէ եղբօր սիրտը, կը մխիթարէ զայն եւ կը ներշնչէ ընդունելու խնդրուած ներումը։ «Ուրեմն եթէ աննորոգելին կարելի չէ ամբողջապէս նորոգել, սէրը կրնայ միշտ վերածնիլ՝ վէրքը տանելի դարձնելով»։ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց ապահովեցնելով իր աղօթքը, որպէսզի Սուրբ Սիրտի յոբելեանը ուխտաւորներու մէջ ներշնչէ Յիսուսի հանդէպ երախտագիտութեան աւելի մեծ սէր եւ որպէսզի Paray-le-Monial սրբավայրը միշտ դառնայ մխիթարութեան եւ ողորմութեան վայր իւրաքանչիւր անձի համար, որ կը փնտռէ ներքին խաղաղութիւն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2024, 11:52