Որոնել

2014ի խաղաղութեան հանդիպումի ծառատունկի արարողութիւնը 2014ի խաղաղութեան հանդիպումի ծառատունկի արարողութիւնը 

Յառաջիկայ 8 Յունիսին Քահանայապետը կը յիշատակէ Վատիկանի մէջ Փերես-Ապպաս խաղաղութեան հանդիպումը

Յառաջիկայ Յունիս 8ին Վատիկանի պարտէզներուն մէջ պիտի յիշատակուի հանդիպումը, զոր տեղի ունեցաւ տասը տարիներ առաջ ընդմէջ այս ժամանակուայ Պաղեստինի ու Իսրայէլի նախագահներուն, որ աւարտեցաւ խաղաղութեան խորհրդանիշ Ձիթենիի մը ծառատունկով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ Յունիս 8ին Վատիկանի պարտէզներուն մէջ պիտի յիշատակուի հանդիպումը զոր տեղի ունեցաւ տասը տարիներ առաջ ընդմէջ այս ժամանակուայ Պաղեստինի ու Իսրայէլի նախագահներուն որ աւարտեցաւ խաղաղութեան խորհրդանիշ Ձիթենիի մը ծառատունկով։  

Իսրայէլացիներու և պաղեստինցիների միջև պատերազմի պատճառով ուժեղ լարուածութեան այս  պահուն Ֆրանչիսկոս Պապը որոշեց յառաջիկայ 8 Յունիս 2024ի առաւօտեան ժամը 9,30-ին, յիշատակել տասը տարիներ առաջ ճիշտ նոյն օրը` այսինքն  2014ի Յունիսի 8ին, Վատիկանի մէջ կայացած հանդիպումը ընդմէջ  Իսրայէլի երբեմնի նախագահ Շիոմոն Փերեսի եւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի։

Սրբազան Պապը այս յիշատակումը պիտի կատարէ այն նոյն վայրին մէջ ուր տեղի ունեցած էր առաջին հանդիպումը, իր իւրայատուկ ու խորհրդանշական ժեստերով, խաղաղութիւն հայցելու նպատակով Միջին Արեւելքին համար։

Այդ հանդիպումին ներկայ գտնուած էր նաեւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա  եւ Սուրբ Երկրէն քրիստոնեաներու, մահմետականներու. հրեաներու պատուիրակութիւն մը, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին, միջկրօնական ադ հանդիպումին, որուն ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ խաղաղութեան խորհրդանիշ Ձիթենիի մը ծառատունկը։ Եւ ահա ճիշտ այդ ծառին շուրջն է որ նախատեսուած է նաեւ այս տարուայ արարողութիւնը։ 

Տասը տարիներ առաջ այդ պատմական հանդիպումին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատած էր թէ «խաղաղութիւն ընելու համար քաջութիւն պէտք է», բառ,  զոր Սրբազան Քահանայապետը շեշտած էր բազմաթիւ անգամներ ապա Ապպասի եւ Փերեսի հետ միասին աղօթած էր Խաղաղութեան Տիրոջ` որ զիրենք առաջնորդէր դէպի խաղաղութիւն, բանալով իրենց աչքերն ու սրտերը, եւ «քաջութիւնը տալով` Ոչ ըսելու պատերազմին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2024, 13:46