Աղօթքի դպրոց։ Քահանայապետը հանդիպեցաւ «Ս. Պերնատէթ Սուպիրու ժողովրդապետութեան երիտասարդներուն հետ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապը 2024 տարին հռչակեց «Աղօթքի տարի» առ ի պատրաստութիւն 2025ի Յոբելենական տարւոյն եւ այս աղօթքի տարուան առիթով Ան ձեռնարկեց նաեւ «Աղօթքի դպրոց» վերտառութեամբ հանդիպումներ զոր կը կատարէ այցելելով Հռոմի ժողովրդապետութիւններ կամ այլ կեդրոններ։ Ահա այս ծիրէն ներս է, որ Ուրբաթ 24 մայիսին Ֆրանչիսկոս Պապը ընկերակցութեամբ Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համավերատեսուչ գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլային այցելեց Հռոմի Սրբուհի Պերնատէթ Սուպիրույի անուամբ ժողովրդապետութիւնը, ուր հանդիպում ունեցաւ այնտեղ համախմբուած 80 պատանիներու հետ զրուցելով ու պատասխանելով իրեն ուղղած հարցումներուն` կեանքի, հաւատքի եւ աղօթքի մասին։
Այս եղաւ «աղօթքի դպրոց» ձեռնարկին երկրորդ հանդիպումը` անցեալ 11 ապրիլին Սուրբ Giovanni Maria Vianney ժողովրդապետութեան տուած այցելութենէն ետքը ուր Սրբազան Պապը հանդիպած էր առաջին հաղորդութեան պատրաստուող 200 մանուկներուն հետ։
Սրբազան Պապը անակնկալ կերպով հասաւ ժողովրդապետութեան, ուր երիտասարդները կը մասնակցէին իրենց հերթական շաբաթական հանդիպումին, ժողովրդապետութեան կրօնուսոյցներու եւ այլ պատասխանատուներու հետ միասին։
Հարցումներէն մին կը վերաբերէր կոչումին ու թէ ինչպէս զայն ճանչնալ եւ Սրբազան Պապը պատասխանեց` որ «Տէրը իւրաքանչիւրիս համար ունի ծրագիր եւ իւրաքանչիւրս պէտք է հասկնայ թէ ի՞նչ կ՛ուզէ Տէրը մեզմէ» ապա պատմեց իր անձնական փորձառութիւնը խրտելով աղօթքի մէջ Տիրոջ հարց տալ «Ի՞նչ կ՛ուզես ինձմէ Տէր»։
Սրբազան Պապը հուսկ շեշտեց առանձին չի քալելու անհրաժեշտութիւնը ու մշակելու բարեկամութիւնը։ Շատ անգամ կարող ենք կորսուիլ կեանքի լաբիրինթոսի մէջ։ Եւ այս խաւար պահէն դուրս գալու համար հիմնականը առանձին չի քալելն է, որովհետեւ առանձին կարող ենք կորսնցնել ուղեցոյցը, ուստի կարեւոր է խօսիլ անձնական իրավիճակի մասին» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Իսկ պատանիի մը որ խոստովանեցաւ թէ չի հաւատար Աստուծոյ, Ֆրանչիսկոսը յիշեցուց ինքզինք ուղեւորութեան մէջ դնելու կարեւորութիւնը։ «Ոչ մէկը պէտք է դատապարտել եթէ չի հաւատար։ Կարեւոր է ուղեւորութեան մէջ ըլլալ։ Եթէ տեսնեմ երիտասարդ մը որ անշարժ է, որ նստած է եւ չուզեր շարժիլ, անիկայ շատ գէշ է։ Իսկ եթէ տեսնեմ երիտասարդ մը որ գաղջութեան մէջ կ՛իյնայ բայց կը շարժի, գնահատելի է։ Հարկաւոր է շարժիլ իտէալի մը համար» յարեց Քահանայապետը, որ ապա զրուցելով նորապսակ զոյգի մը հետ շեշտը դրաւ Իտալիոյ մէջ ծնելիութեան պակասի հարցին վրայ ու պտղաբերութեան կարեւորութեան վրայ, որ միշտ ալ յոյսի պատգամ մըն է։
Ան ապա յիշեցուց որ Եկեղեցին հաւատալի ըլլալու համար պէտք է մերկանայ աշխարհիկութենէն նշելով որ Եկեղեցւոյ արժէքները Աւետարանի արժէքներն են եւ ոչ թէ ընկերութեան մը, որ ինքզինք կաթողիկէ կը սեպէ»։
Հանդիպումի աւարտին Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն իւրաքանչիւրին նուիրելով Յոբելեանի հռչակումի կոնդակի նմուշը։
«Շնորհակալ եմ ձեր վկայութեան համար, ես շատ ուրախ եմ ձեր իսկութեան համար, շարունակեցէք այսպէս, եղէք վաւերական, միշտ փնտռելով կեանքի ուղին» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն թողելով վերջին ծրատ «Ձեր կեանքը վտանգեցէք, բարձր իտէալներով»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ