Որոնել

2024.05.29 Incontro con i Sacerdoti nella Casa delle Suore Pie Discepole del Divin Maestro

Քահանայապետը հանդիպեցաւ 2014էն 2024 տարիներուն ձեռնադրուած քահանաներուն հետ

Տագնապէ մը կարելի չէ դուրս գալ առանձին. Հաստատեց Քահանայապետը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 29 Մայիս 2024ի կէսօրէն ետքը ժամը չորսի մօտ, Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Հռոմի «Suore Pie Discepole del Divin Maestro» Տունը, այնտեղ հանդիպում ունենալու Հռոմի Թեմի գրեթէ հարիւր քահանաներուն հետ որոնք քահանայական ձեռնադրութիւնը ընդունած են վերջին տասնամեակի ընթացքին։

Ողջունելը ետք տունը կառավարով մայրապետներու հասարակութիւնը եւ կառոյցին մէջ ծառայութիւն մատուցող անձնակազմի անդամներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները Սրբազան Քահանայապետը բարձրացաւ Եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ հանդիպումը։

Աւետարանի ընթերցումէն ու աղօթքի պահէ մը ետք ողջոյնի խօսքը արտասանեց Գերապայծառ Միքելէ Տի Թոլվէ, որ պատասխանատուն է սարկաւագութեան, կղերի ու կրօնաւորական կեանքի հոգատարութեան գրասենեկային, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Քահանաներուն ու Քահանայապետի միջեւ զրոյցը, որուն կեդրոնական նիւթերէն եղաւ քահանայութեան առաջին տարիներուն փորձառութիւնը, մարդոց ուրախ հաւատքի բացայայտումը, բայց նաև հիւանդներուն ծառայելու մարտահրաւէրը, որուն արձագանքել զօրակցութեամբ, կարեկցութեամբ, քնքշութեամբ և նաեւ քահանայական կեանքին մէջ դիմագրաւուած ճգնաժամերը:

Տագնապէ մը կարելի չէ դուրս գալ առանձին. Հաստատեց Քահանայապետը։

Խօսուեցաւ նաեւ Հռոմի Թեմի հարցերու մասին, անոր զարգացումին, գեղեցկութեան, ու տկարութիւններուն, զոր պէտք է դիմագրաւել ոչ թէ շաղակրատանքով այլ երկխօսութեամբ, սիւնհոդոսական ընթացքով...Սրբազան Պապը այս առնչութեամբ մատնանշեց Սուրբ Պօղոս Զ «Evangelii nuntiandi» առաքելական յորդորագիրին, որ «այժմէական է, մարգարիտի նման, որ թիկունք կը կանգնի հովուական ծառայութեան». Սրբազան Պապը մատնանշեց նաեւ հայրական արժէքին որ քահանային մէջ աճող խարիզմ մը պէտք է ըլլայ։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ քաղաքի մէջ ապրուած առանձնութեան թեմային, ինչպէս ապրիլ մօտիկութիւնը միւսներու նկատմամբ ու նաեւ դժուար յարաբերութիւններու մէջ եւ Սրբազան Պապը ընդգծեց տարեցներուն մօտիկ ըլլալու կարեւորութիւնը, հրաւիրելով երթալ ու այցելել զանոնք։

Ողջունելով երիտասարդ քահանաները՝ Սրբազան Պապը հրաւիրեց զանոնք Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան յաջորդ տօնակատարութեան, որ նախատեսուած է կիրակի՝ 2 յունիսի, և շնորհակալութիւն յայտնեց աղօթքներու և անկեղծ երկխօսութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2024, 07:00