Որոնել

2023.11.06 Manifestazione  "I Bambini incontrano il Papa"

Ես կը սիրէի հասարակական փոխադրակառքերը, ըլլալ մարդկանց միջեւ, այս մէկը ինծի կը պակսի. Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապին հարցազրոյցը` Իտալիոյ շոգեկառքի ընկերութեան «La Freccia» պարբերաթերթին հետ, ի տես Մանուկներու համաշխարհային Օրուան։ «Դիտարկենք զանոնք և մտիկ ընենք անոնց, եթէ այդպէս ընենք, անոնք մեզի մեծահասակներուս իրազեկութիւնը կը բարձրացնեն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապը հարցազրոյց մը ունեցաւ Իտալիոյ շոգեկառքի ընկերութեան «La Freccia» պարբերաթերթին հետ, որուն ստորագրութիւնը կը կրէ Ռոպերթօ Փաչիլիօ անունը, որ պատասխանատուն է Մանուկներու Համաշխարհային Օրուան մամլոյ գրասենեակին։ Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ լոյս պիտի տեսնէ 4 մայիսին եւ պտուղն է առանձնական հանդիպումի մը ընդմէջ Փաչիլիոյի եւ Ֆրանչիսկոս Պապին։

Հարցազրոյցին մէջ յղում կը կատարուի Քահանայապետին փոխադրակառքերու հետ շփումին` առաջինը 6 նոյեմբեր 2023ին երբ Նորին Սրբութիւնը Վատիկանի մէջ հանդիպեցաւ 7.500 մանուկներուն հետ, ապա Վատիկանի շոգեկառքի կայանին մէջ ողջունեց անոնցմէ ոմանք, իսկ միւսը կը հայի Նորին Սրբութեան Պուէնըս Այրեսի մէջ ապրած օրերուն, երբ ինք ազատօրէն կը շրջէր քաղաքի փոխադրակառքերով։ «Այս մէկը ինծի պակսող ամենամեծ սովորութիւններէն մին է» յայտնեց այս առիթով Սրբազան Պապը։

Հարցազրոյցի ընթացքին Քահանայապետը լայնօրէն կ՛անդրադառնայ մանուկներուն հետ ունեցած հանդիպումին` «որպէս պապիկ մը` որ իր թոռնիկները կը բարեւէ»։

«Աւելիով փոքրիկները իրենց մէջ կը պահպանեն գեղեցկութեան անբիծ զգացումը», ուստի հարկ է «դիտարկել զանոնք և մտիկ ընել անոնց» որովհետեւ, «եթէ այդպէս ընենք, անոնք մեզի` մեծահասակներուս իրազեկութիւնը կը բարձրացնեն», եւ այս մէկը կարող է «իսկական փոփոխութեան յոյս մը տալ բոլորիս», կը նշէ Նորին Սրբութիւնը հարցազրոյցի ընթացքին, դիտել տալով նաեւ, որ «մանուկներէն կարելի է սորվիլ նաեւ Արարչագործութեան հետ վարուելակերպի եւ կապի ձեւը, որ մեզի տարեցներուս համար դժուար կը թուայ»։

Սրբազան Պապը հուսկ կը մատնանշէ, որ կառավարութիւնները մեծ ջանք չի դափեցին Երկիրն ու շրջապատը պաշտպանելու գործին մէջ, այն օրէն երբ 2015ին ինք «Laudato si’» շրջաբերականը հրապարակեց եւ այս առնչութեամբ կը բացատրէ «Laudate Deum» շրջաբերականին հրատարակութեան իմաստը` այդ թուականէն ութը տարիներ ետքը։

«Այս տագնապը կը պահանջէ բոլոր մարդոց ներգրաւումը. Համայն ընկերութիւնը պէտք է առողջ ճնշում մը կատարէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր ընտանիքին կ՛իյնայ մտածել` որ վտանգի տակ է իրենց գաւակներուն ապագան» կը հաստատէ Սրբազան Պապը` որ ապա կը խրախուսէ փոխել ապրելաոճը ի նպաստ բնապահպանութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2024, 07:11