Որոնել

2024.05.04 Coro della Basilica di Amsterdam

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Ամսթրտամէն խումբ մը ուխտաւորներ

«Այս քաղաքի ծագումն ու զարգացումը կապուած են նաև հաւատքի և կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ: Անոր պատմութեան առանցքային պահը Հաղորդութեան հրաշքն է, որ տեղի ունեցաւ 1345 թուականին և մինչ օրս լը յիշուի լուռ թափորով և Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 4 Մայիս 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը ի շարս այլ հանդիպումներու ունկնդրութիւն շնորհեց նաեւ Ամսթրտամէն ժամանած խումբ մը ուխտաւորներուն` քաղաքի հիմնադրութեան 750 ամեակին առիթով։

«Այս քաղաքի ծագումն ու զարգացումը կապուած են նաև հաւատքի և կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ: Անոր պատմութեան առանցքային պահը Հաղորդութեան հրաշքն է, որ տեղի ունեցաւ 1345 թուականին և մինչ օրս կը յիշուի լուռ թափորով և Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներուն ուղղած ճառին սկիզբը ակնարկելով նաեւ թէ Ամսթրտամի մէջ կան նաեւ բազմաթիւ անձինք, որոնք կ՛աշխատին աղքատներուն համար, համագործակցելով Մայր Թերեզայի քոյրերուն, Սանդ Էճիտոյ հասարակութեան եւ այլ բարեսիրական հաստատութիւններուն հետ։

Քահանայապետը մատնանշեց ապա Ամսթրտամին` որպէս բազմազան ազգութիւններով բնակուած քաղաք, քաջալերելով այդ համակեցութիւնը ու հրաւիրելով ներկաները շարունակելու վկայել իրենց հաւատքը ուրախութեամբ ու ապրիլ մերձաւորի նկատմամբ սէրը, խթանելով նաեւ եղբայրութիւն եւ զօրակցութիւն, հենելով Սուրբ Հաղորդութեան վրայ։

Նորին Սրբութիւնը ճառը աւարտեց բոլոր ներկաները յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին անոնց վստահեցնելով իր աղօթքները ու ինչպէս միշտ աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2024, 10:35