Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE-DIPLOMACY-ECUADOR

Սրբազան Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Էքուատորի Հանրապետութեան Նախագահին

Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած «սիրալիր խօսակցութիւններու» ընթացքին, «գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Էկուատորի և Սուրբ Աթոռի միջև լաւ յարաբերութիւններուն համար՝ ընդգծելով եկեղեցւոյ և պետութեան դրական համագործակցութիւնը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Էքուատորի Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Տանիել Նոպոա Ազին եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը այսօր առաւօտեան առիթը ունեցան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ որուն կ՜ընկերանար Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու Քարտուղար Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր։

Լուրը կ հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով նաեւ թէ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած «սիրալիր խօսակցութիւններու» ընթացքին, «գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Էկուատորի և Սուրբ Աթոռի միջև լաւ յարաբերութիւններուն համար՝ ընդգծելով եկեղեցւոյ և պետութեան դրական համագործակցութիւնը»։

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ընկերա-տնտեսական իրավիճակի մասին յատուկ ուշադրութիւնը յատկացնելով երիտասարդներու աշխատանքի հարցին ու գաղթականներու եւ հանրային անվտանգութեան հարցերուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2024, 13:00