Որոնել

2023.05.12 Auditorium di via della Conciliazione: Stati Generali della Natalità

10 մայիսին Քահանայապետը կը մասնակցի «ծնելիութեան» հայող վերնախաւերու ընդհանուր Հաւաքին

Այս առաջին անգամը չէ` որ Սրբազան Պապը կը մասնակցի այսպիսի հաւաքին որ հասաւ իր չորրորդ փուլին ու նախաձեռնութիւնն է Ընտանեկան Ընկերակցութիւններու Ֆորումին որուն նպատակն է հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը ներգրաւել ծնելիութեան հարցին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 10 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի մասնակցի «ծնելիութեան» հայող վերնախաւերու ընդհանուր Հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ Հռոմի Քոնչիլիացիոնէ Աուտիթորիումի մօտ։ Լուրը կը հաղորդէ Քահանայապետական Տան հոգաբարձութեան գրասենեակը տեղեկացնելով նաեւ, որ այս տարուայ հաւաքին բնաբանն է. «Ըլլալ. Աւելի շատ երիտասարդներ, աւելի շատ ապագայ»:

Այս առաջին անգամը չէ` որ Սրբազան Պապը կը մասնակցի այսպիսի հաւաքի մը, որ հասաւ իր չորրորդ փուլին ու նախաձեռնութիւնն է Ընտանեկան Ընկերակցութիւններու Ֆորումին, որուն նպատակն է հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը ներգրաւել ծնելիութեան հարցին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապը Վերնախաւերու այս վերոնշեալ հաւաքին իր մասնակցութիւնը բերած էր նաեւ 2021 թուականին, որուն առիթով կոչ ուղղած էր ծնելիութեան ի սպաս հաստատելով, որ «առանց ծննդաբերութիւններուն չկայ ապագայ»։ 2022ին եւս Քահանայապետը մասնակցած էր հաւաքի երկրորդ փուլին, ուր ընդգծած էր` թէ ծննդաբերութիւններու պակասը կը նշանակէ աղքատ դարձնել բոլորին ապագան։ Ապա 2023ի հաւաքին ընթացքին ան ընդգծած էր, որ «Երեխաներու ծնունդը ժողովուրդի մը յոյսի հիմնական ցուցանիշն է», այս ուղղութեամբ առաջարկելով հեռատես քաղաքականութիւն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2024, 11:30